Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը «Corriere dello Sport-Stadio» թերթի հարիւր ամեակին առիթով
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Պապը 19 հոկտեմբեր թուակիր նամակ պատգամով կը իր շնորհաւորանքները ուղարկած է «Corriere dello Sport-Stadio» պարբերաթերթին, թերթիս հարիւր ամեակին առիթով, որուն մէջ շեշտած է այս իրադարձութեան նշանակութիւնը «Հարիւր տարին կարևոր իրադարձութիւն է, գեղեցիկ Բաժակ՝ ձեր գրադարանին մէջ պահելու»։
Մարզանքի արժէքը եւ մանկութեան յիշատակներ
Ան ապա կարեւորած է մարզանքի արժէքը, որպէս միասնութեան և եղբայրութեան խորհրդանիշ, յիշելով Արժանթինի մէջ իր մանկութեան օրերը, ուր իր կարգին ոտնագունդ կը խաղար առանց մտավախութեան:
Սրբազան Պապը շեշտը դրած է ապա մարզանքի վրայ որպէս մարդիկը իրար միաւորող տարր, յիշելով իր սրտին խօսող Արժանթինի «San Lorenzo» ոտնագունդի խումբին պատմութիւնը, որ չունենալով սեփական մարզադաշտ մը, առիթը ունեցած է, շնորհիւ Սալեզեան Հայր Լորենցօ Մասսայի, մարզուելու ժողովրդապետութեան զբօսավայրին մէջ։
Մարզական տարածքներ ստեղծելու կարեւորութիւնը
«Այս արարքը խոր իմաստ մը ունի, որ կ՛ընդգծէ մարզական տարածքներ ստեղծելու կարեւորութիւնը, յատկապէս աղքատ միջավայրերուն մէջ» գրած է Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ այսօր եւս կարիքը կայ մարզական տարածքներու ու յատկապէս կարիքը կայ չափահասներու որոնք իսկապէս գիտեն ընկալել պատանիները ու մտիկ ընել անոնց երազներուն, անոնց հետ միասին կառուցելու համար աւելի լաւ ապագայ մը»։
Այս ուղղութեամբ Սրբազան Պապը նշած է նաեւ թէ Իտալիոյ մէջ եւս այսօրուայ ոտնագունդի շատ մը ախոյաններ իրենց ասպարէզը սկսած են ժողովրդապետութեան զբօսավայրերուն մէջ, եւ ասկէ մեկնելով ընդգծած է համայնք կառուցելու մարզանքի կարողութիւնը, շեշտը դնելով կանոններն ու արժէքները յարգելու կարևորութիւնը, ինչպիսիք են համբերութիւնն ու ունկնդրութիւնը։
մերժեԼ բռնութեան եւ բացառումի որեւէ տրամաբանութիւն
Պատգամին մէջ Սրբազան Պապը դատապարտած է անհանդուրժողականութեան դէպքերը և ցանկութիւն յայտնած է, որ մարզանքի աշխարհը կառավարուի ընդունելութեան և մարդկութեան մթնոլորտի մէջ:
«Մենք պէտք է մերժենք բռնութեան եւ բացառումի որեւէ տրամաբանութիւն եւ ասոր համար գիտենք թէ խօսքը ունի իր արժէքը ու ան եղած է դաստիարակելու բարին ու գեղեցիկը եւ ոչ թէ կործանելու։ Թերթի մը յօդուածը, նոյնիսկ եթէ մարզական, կարող է շատ բարիքներ ընել բայց նաեւ կարող է վնաս հասցնել, կամ հրահրել անվստահութեան մթնոլորտ մը, դուք այսպէս մի ըլլաք» եղած է Նորին Սրբութեան թելադրանքներէն մին։
Մարզանքը որպէս կեանքի օրհներգ
Անդրադառնալով ապա այն իրականութեան թէ Ողիմպիական եւ Փարալիմփիք խաղերը կարելի չէ միասնաբար կազմակերպել Ան ակնարկած է վերջերս Փարիզի մէջ կայացած ողիմպիական խաղերուն վեր առնելով մարզիկները որոնք արժանացան մետալներու ապա հրաւէր ուղղած է պարբերաթերթի անձնակազմին «պատմելու պատմութիւններ, որոնք ըլլան ձեւ մը` մարզանքը ապրելու եւ մտածելու որպէս կեանքի օրհներգ»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ