Երկխօսութիւններ խաղաղութեան ծրագրի համար․ Իսրայէլի նախկին վարչապետը եւ Պաղեստինի նախկին արտգործնախարարը Քահանայապետին մօտ
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Իսրայէլի նախկին վարչապետ Էհուտ Օլմերթը եւ Պաղեստինի արտաքին գործոց նախկին նախարար Նասըր Ալ-Քիտուան երեկ՝ 17 Հոկտեմբերին, հանդիպած են Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ։ Օլմերթը Իսրայէլի վարչապետ եղած է մինչեւ 2009 եւ կարեւոր ներդրում ունեցած է Մերձաւոր Արեւելքի մէջ խաղաղ բանակցութիւններու ծիրէն ներս։ Տպաւորուած Պապի հետ հանդիպումէն, ան յատուկէն ընդգծած է խաղաղութեան հասնելու Անոր շահագրգռուածութիւնը, ինչպէս նաեւ մշտական ուշադրութիւնը Կազայի մէջ տիրող իրավիճակին շուրջ։ Քահանայապետի հետ հանդիպման ընթացքին ներկայացուած է խաղաղութեան առաջարկ, որուն առանցքային կէտերէն են․ կրակի անյապաղ դադարեցում, իսրայէլացի պատանդներու ազատ արձակում եւ երկու առանձին պետութիւններ ստեղծելու շուրջ բանակցութիւններու վերսկսում, նշած է իր հերթին Ալ-Քիտուան, որ յայտնի է իր խաղաղասիրական դիրքորոշումներով եւ Եասէր Արաֆաթի հետ բարեկամական կապով։
Ի դէպ, ըստ Օլմերթի՝ Երուսաղեմը որպէս Իսրայէլի մայրաքաղաք պէտք է ներառէ մինչեւ 5 Յունիս 1967 թուականը իսրայէլական ճանչցուած տարածքները։ Նոյն տրամաբանութեամբ, ըստ Ալ-Քիտուայի, Ալ Քուտսը որպէս Պաղեստինի մայրաքաղաք, պէտք է ներառէ մինչեւ 1967ի պատերազմը Իսրայէլի մաս չհանդիսացած բոլոր արաբական թաղամասերը։
Ստորեւ «L'Osservatore Romano» թերթին հետ հարցազրոյցը՝ ամփոփ․
Պարոն Օլմերթ, ինչպէ՞ս կարելի է այսօր երկու պետութիւն ստեղծել՝ իսրայէլացի վերաբնակիչներու անօրինական բնակավայրերու առկայութեամբ:
Կ’ենթադրենք պաղեստինեան Յորդանանի Արեւմտեան ափէն նախապէս համաձայնեցուած տարածքի կցում Իսրայէլին 4 առ հարիւրի չափով՝ Իսրայէլի սահմաններէն ներս նոյն չափի տարածքի դիմաց, ինչը թոյլ կու տայ պաղեստինցիներուն միջանցք ստեղծել Յորդանանի Արեւմտեան ափի եւ Կազայի հատուածի միջեւ։
Պարոն Ալ-Քիտուա, ի՞նչ լուծում կայ Կազայի համար:
Իսրայէլը պէտք է ամբողջութեամբ դուրս բերէ իր զինուժը Կազայէն եւ թոյլ տայ ստեղծել պաղեստինեան միաւոր, զայն կառավարելու համար։ Որպէս ժամանակաւոր եւ անցաւոր լուծում, կը խորհինք Յանձնակատարներու խորհուրդի մասին՝ կազմուած հանրաճանաչ եւ ունակ մասնագէտներէ եւ ոչ թէ քաղաքական ներկայացուցիչներէ, որ Պաղեստինի ինքնավարութեան նախարարներու խորհուրդի հետ 24- 36 ամիսներու ընթացքին համընդհանուր ընտրութիւններ պատրաստէ պաղեստինեան տարածքներէն ներս։
Պարոն Օլմերթ, երկու կողմերու բարի կամքի դրսեւորումը, ըստ Ձեզ, բաւարա՞ր է անյապաղ խաղաղութիւն երաշխաւորելու համար:
Ոչ: Մենք նաեւ կը մտածենք Կազայի մէջ «Արաբական անվտանգութեան ժամանակաւոր ներկայութեան» (Temporary Arab Security Presence - TASP) տեղակայման անհրաժեշտութեան մասին, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան ուժերու (IDF) դուրսբերման հետ միասին կարող է կայունացնել իրավիճակը: Արաբական միջդիրքային այս ուժը պէտք է կապի մէջ ըլլայ Պաղեստինի ազգային վարչակազմի (PNA) անվտանգութեան ուժերուն հետ եւ ցուցումներ ստանայ Յանձնակատարներու խորհրդի կողմէ: Անոր հիմնական խնդիրը Կազայէն Իսրայէլի վրայ հետագայ հնարաւոր յարձակումները կանխելը պէտք է ըլլայ։
Պարոն Ալ-Քիտուա, ինչպէ՞ս կարող է երկու պետութիւններու լուծումը ապահովել խաղաղ ապագայ:
Պաղեստին պետութեան ոչ ռազմականացուած պետութիւն ըլլալու պահանջի միջոցաւ, բացառութեամբ ներքին ոստիկանական կարիքներու:
Պարոն Օլմերթ, այսպիսով բաց պիտի մնայ կենտրոնական խնդիրը՝ Երուսաղեմի կարգավիճակի հարցը։
Ամենաշատ այս կէտի հանդէպ հետաքրքրութիւն ցուցաբերեց Ֆրանչիսկոս Պապը մեր այսօրեայ հանդիպմանը։ Կը խորհինք Երուսաղեմի յատուկ կարգավիճակի մասին, որ պէտք է կառավարուի հինգ պետութիւններու (ներառեալ Իսրայէլ եւ Պաղեստին) հոգաբարձու վարչակազմի կողմէ՝ քաղաքի իւրաքանչիւր հատուածի վրայ լիակատար իշխանութեամբ՝ համաձայն ՄԱԿի Անվտանգութեան խորհուրդի կանոններու եւ Յորդանանի Թագաւորութեան յատուկ դերով։ Հին քաղաքը պէտք է դուրս ըլլայ քաղաքական վերահսկողութենէ եւ նուիրուի երեք միաստուածական կրօններուն, որոնք զայն սուրբ աղօթավայր կը համարեն։
Վերջին հարց մը պարոն Օլմերթ. Այս լաւ մշակուած ծրագիրը լիովին կը հակասէ Իսրայէլի ներկայիս կառավարութեան մտադրութիւններուն։
Անիկա, որ զիս կը ճանչնայ, շատ լաւ գիտէ թէ ինչ կը մտածեմ Նեթանիահուի գլխաւորած եւ Պէն Կվիրի եւ Սմոթրիչի ծայրայեղական մոլեռանդութեանը ենթարկուած կառավարութեան մասին: Ինծի համար մխիթարական է այն փաստը, որ իսրայէլացիներու 70 առ հարիւրը այլեւս յոգնած է այս դաշինքէն եւ Իսրայէլին հասցուող հսկայական վնասէն։ Իսրայէլը հզօր ժողովրդավարական երկիր է եւ պիտի կարողանայ ժողովրդավարական ճանապարհով յաղթահարել այս կառավարութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ