Լոյս պիտի տեսնէ «Dilexit nos» Ֆրանչիսկոս Պապին չորրորդ շրջաբերականը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած հաղորդագրութեան մը միջոցաւ կը տեղացուի թէ յառաջիկայ 24 Հոկտեմբերի ժամը 12ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ տեղի պիտի ունենայ մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին պիտի ներկայացուի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նոր շրջաբերականը նուիրուած Յիսուսի Սուրբ Սրտին որուն խորագիրն է « Dilexit nos» Ան մեզ կը սիրեր եւ ենթախորագիրը « Քրիստոսի Սրտին «շրջաբերական նամակ Յիսուս Քրիստոսի Սրտի մարդկային և աստուածային սիրոյ մասին»։
Այս պիտի ըլլայ Նորին Սրբութեան Քահանայապետութեան շրջանի չորրորդ շրջաբերականը, որ կը հրապարակուի մարդկային ընտանիքին ապրած շատ դժուար ժամանակի մը ընթացքին, երբ ամէնուրեք կան պատերազմներ, տնտեսական եւ ընկերային անհաւասարութիւնները, նոր արհեստագիտութեան տարածում` որ կը սպառնայ խեղաթիւրել նոյնինքն մարդու էութիւնը, եւ ահա այս միջավայրին մէջ է, որ Սրբազան Պապը հրաւէր կ՛ուղղէ փոխելու մեր հայեացքը, մեր հեռանկարները մեր նպատակակէտը ու վերակեդրոնանալու այն բանի վրայ որ ամենաշատ կարեւոր ու անհրաժեշտ է` սիրտը։
Նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարած էր այս շրջաբերականին հրատարակումը անցեալ 5 Յունիսին, Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ գլխաւորած հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին, նշելով` թէ փաստաթուղթին մէջ պիտի ներառուին Քահանայապետական նախկին վարդապետական գրութիւններու թանկարժէք արտացոլումները և երկար պատմութիւնը, որ սկսաւ Սուրբ Գրութիւններէն, «որպէսզի այսօր համայն Եկեղեցիին կրկին առաջարկուի այս հոգևոր գեղեցկութեամբ լի պաշտամունքը», ըսած էր Ան հրաւիրելով «խորհրդածել Տիրոջ սիրոյ տարբեր ոլորտներու մասին, որոնք կարող են լուսաւորել Եկեղեցւոյ նորոգումի ճանապարհը, ու նաեւ ծառայեն իմաստալից բան ըսելու աշխարհի մը, որ կը թուայ կորսնցուցած ըլլալ սիրտը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ