Որոնել

2024.10.19 Donne partecipanti al Sinodo

Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Սիւնհոդոսի մասնակցող աշխարհական անդամներուն ու կիներուն հետ

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այսօր առաւօտեան շարք մը եկեղեցականներ ընդունելէն ետքը ունկնդրութիւն շնորհեց սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի մասնակցող աշխարհական անդամներուն` նախ Քոնչիսթորօ դահլիճն մէջ ընդունելով կին անդամները, որոնք թիւով 54 էին ապա Քլեմենթինա դահլիճին մէջ աշխարհականները` թիւով 130։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 19 հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պաշտօնական օրակարգը սկսաւ յաջորդաբար ընդունելով կարգ մը Եկեղեցականներ` որոնց շարքին, Եպիսկոպոսներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Ռոպերթ Ֆրանսիս Փրեվոսթը, Սինոդի ընդհանուր քարտուղարութեան ընդհանուր քարտուղար` Կարդինալ Մարիօ Կրէք, որուն կ՛ընկերանային Սիւնհոդոսի ընդհանուր զեկուցող Լիւքսեմպուրկի Արքեպիսկոպոս` Կարդինալ Ժան Քլոտ Հոլլերիխը, Գերապայծառ Ռիքարտօ Պաթթոքիոն եւ Հայր Ճաքոմօ Քոսթան։ Քահանայապետը ընդունեց ապա Լատին Ամերիկայի եպիսկոպոսական խորհուրդի նախագահ` գերապայծառ Ժէյմ Սփենկլէրը, ու անոր ընկերացող Խորհուրդի անդամները, որոնցմէ ետքը ընդունեց նաեւ Էքուատորի Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահ Գերապայծառ Լուիս Ճերարտօ Քապրերա Հերրերան ու Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահութեան անդամները։

Վերոնշեալ եկեղեցականները ընդունելէն ետքը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի մասնակցող աշխարհական անդամներուն` նախ Քոնչիսթորօ դահլիճն մէջ ընդունելով կին անդամները, որոնք թիւով 54 էին ապա Քլեմենթինա դահլիճին մէջ աշխարհականները` թիւով 130։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/10/2024, 12:34