Որոնել

2024.10.31 Assemblea Plenaria del Dicastero per la Comunicazione

Կ’երազեմ սիրտէ սիրտ հաղորդակցութիւն․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետը այսօր ընդունեց Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Ընդհանուր Ժողովին մասնակցողները եւ նոյն Վերատեսչութեան անձնակազմի անդամները․ Ձեր կոչումը առաքելութիւն է: Աշխատանքով, ստեղծագործական ունակութիւններով, արհեստագիտական միջոցներու խելացի օգտագործմամբ, բայց առաջին հերթին սրտով առաքելութիւն։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Հինգշաբթի, 31 Հոկտեմբեր 2024-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ընդունեց Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան Ընդհանուր Ժողովին մասնակցողները եւ նոյն Վերատեսչութեան անձնակազմի անդամները։

Ոչ թէ սոսկ մասնագիտութիւն՝ այլ առաքելութիւն։ Աշխատանքով, ստեղծագործական ունակութիւններով, արհեստագիտական միջոցներու խելացի օգտագործմամբ, բայց առաջին հերթին սրտով առաքելութիւն։ Այս է շեշտադրումը, որ ըրաւ Սրբազան Պապը ներկաներուն ուղղած իր պատգամին սկիզբը՝ մատնանշելով այդ մէկը իրականացնելու ճանապարհը. Կառուցել կամուրջներ՝ ընդդէմ գաղափարախօսութիւններու, խթանել հաղորդութիւն՝ ընդդէմ բաժանում հրահրողներու, թոյլ տալ ներգրաւուիլ մեր ժամանակներու ողբերգութիւններու մէջ ՝ ընդդէմ անտարբերութեան։

Գործել սինոտալ ոճով

Անդրադառնալով ապա սիւնհոդոսականութեան կարեւորութեան Սրբազան Պապը կոչ ըրաւ լրագրողներուն գործել սինոտալ ոճով, որով կը բնութագրուի Եկեղեցին, տարածելու խաղաղութեան Աւետարանը եւ «համայնքային կեանքի իւրաքանչիւր արտայայտութենէն ներս ցոլացնելու աստուածային սէրը»։

Ամէն բանի հիմքին մէջ կայ «երազանք», որ ըստ Քահանայապետին, «մարդկանց ու մշակոյթը» կապող հաղորդակցութեան երազանքն է, որ կ՛արժեւորէ «աշխարհի իւրաքանչիւր անկիւն»: «Ահա թէ ինչու ես ուրախ եմ գիտնալ, որ դուք քրտնաջան աշխատած էք մեծցնելու Վատիկանի լրատուամիջոցներու լեզուներուն քանակը, որ յիսունի հասած է՝ ներառելով նոր լեզուներ լինկալան, մոնղոլերէնը և քաննատան:

Այս համատեքստի մէջ Ֆրանչիսկոս դիտել տուաւ Սուրբ Աթոռի դրամական միջոցներու պակասը եւ յորդորեց խնայողութեան եւ այլ միջոցներ հայթայթելու ուղիներ փնտռել․ «Ես գիտեմ, որ դա վատ լուր է, բայց նաեւ լաւ լուր, որովհետեւ կը հրահրէ ձեր բոլորի ստեղծարարութիւնը։

Հայեացքն ուղղել ամենէ վերջիններուն եւ փնտռել երկխօսութիւն լոզունգներէն անդին

Ֆրանչիսկոս յորդորեց նաեւ լրագրողներուն դուրս ելլել, համարձակ ըլլալ, վտանգէն չվախնալ, հրաժարիլ մենք մեզմէ, որպէսզի տեղ բանանք միւսին եւ պատմենք իրականութիւնը ազնւութեամբ եւ խանդավառութեամբ, մասնագիտօրէն եւ հետաքրքրասիրութեամբ։

«Ես կ’երազեմ սիրտէ սիրտ հաղորդակցութիւն, ներգրաւուիլ այն ամէն բանի մէջ, որ մարդկային է, խոցուիլ մեր շատ եղբայրներու եւ քոյրերու ապրած ողբերգութիւններուն մէջ: (…) Ես կ’երազեմ հաղորդակցութիւն, որ գիտէ, թէ ինչպէս անցնիլ կարգախօսներէն անդին եւ ուշադրութեան կեդրոնի մէջ պահել աղքատներուն, վերջիններուն, գաղթականներուն, պատերազմի զոհերուն: Հաղորդակցութիւն, որ կը նպաստէ ներառման, երկխօսութեան, խաղաղութեան որոնման։

Իրական հանդիպումի գեղեցկութիւնը չպէտք է փոխարինուի վերիրականով

Սրբազան Քահանայապետը ակնարկեց նոր մարտահրաւէրներու մասին, որ յառաջ կու գայ թուային աշխարհէն, նկատել տալով` որ հաղորդակցողները պէտք չէ վախնան փոփոխութիւններէ, բայց նաեւ յիշել, որ այդ մէկը չի նշանակեր «ճշմարիտ, առարկայական, մարդկային յարաբերութիւններու գեղեցկութիւնը՝ հիւսուած աւետարանական ոճով, փոխարինել առցանց հանդիպումով։

Օգնեցէ՛ք ինծի, խնդրեմ, աշխարհին ճանաչելի դարձնել Յիսուսին Սիրտը, այս վիրաւոր աշխարհին, կարեկցանքի միջոցաւ: (…) Օգնեցէ՛ք ինծի հաղորդակցութեամբ, որ հաղորդութեան գործիք է:

Նորին Սրբութեան կողմէ կարեւորուեցաւ յոյսը․ «Չնայած աշխարհը ցնցուած է սարսափելի բռնութիւններէ, մենք՝ քրիստոնեաներս, գիտենք, թէ ինչպէս նայիլ յոյսի բազմաթիւ բոցերուն, բարիքի բազմաթիւ մանր ու մեծ պատմութիւններուն»:

«Յոյսն ու հաւատքն են այն առաքինութիւնները, որոնց մասին քրիստոնեայ հաղորդակցողները կոչուած են վկայութիւն տալ այսօր աշխարհի մէջ, յատկապէս մօտալուտ Յոբելեանի առիթով» յորդորեց Սրբազան Պապը:

Յատուկ ողջոյն

Նախքան ունկնդրութեան աւարտը Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Վերատեսչութեան «Rei» գրասենեակի ղեկավար՝ Կլորիա Ֆոնթանային․

«Այսօր ձեր աշխատանքի վերջին օրն է. յուսով եմ, որ տօնախմբութիւն կը կազմակերպուի։ 48ամեայ ծառայութիւն, առաջին հաղորդութիւն ստանալէ նոյն օրը գործի ընդունուած էք կարծեմ [ծափահարութիւններ և ծիծաղ]։ Մեծ ծառայութիւն մատուցած էք, թաքնուելով, Պապի ելոյթները արտագրելու նուիրուելով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/10/2024, 12:00