Ֆրանչիսկոս Պապը 2 նոյեմբերին պիտի այցելէ Հռոմի Լաուրենթինօ գերեզմանը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Վեց տարի ետք Ֆրանչիսկոս Պապը կը վերադառնայ Հռոմի «Laurentino» գերեզման։ Արդարեւ յառաջիկայ շաբաթ օր` 2 նոյեմբերին, ըստ լատինաց ննջեցելոց օր, Նորին Սրբութիւնը այնտեղ պիտի գլխաւորէ Սուրբ Պատարագը։ Գերեզմանը իր 21 հեկտարով կը համարուի մայրաքաղաքին ամենամեծ երրորդ գերեզմանը։ Քահանայապետը զայն այցելած էր 2018ին եւս կանգ առնելով «Հրեշտակներու պարտէզին» դիմաց ուր թաղուած են չծնած մանուկները։
Ֆրանչիսկոս Պապը սովորութիւն ունի իւրաքանչիւր 2 նոյեմբերին այցելել զանազան վայրեր ու այնտեղ գլխաւորել «մեռելոց օր»ը ինչպէս պատահեցաւ անցեալ տարի` երբ Ան այցելեց Հռոմի «Թեսթաչչօ» շրջանի մէջ գտնուող «Rome War Cemetery», «Commonwealth» գերեզմանը, ուր թաղուած են պատերազմի զոհերը։ Այդ առիթով Նորին Սրբութիւնը կոչ ուղղած էր որպէսզի «մարդիկ իրար չսպանեն պատերազմներու մէջ»։
Հռոմի Թրիկորիա շրջանի մէջ գտնուող Լաուրենթինօ գերեզմանի օծումը կատարուած է 2002 թուականի մարտ ինին, այդ ժամանակուայ Հռոմի Թեմի Տեղապահ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Քամիլլօ Ռուինիի ձեռամբ։
2012 թուականին գերեզմանատան մէջ բացումը կատարուեցաւ «հրշտակներու պարտէզին»՝ 600 մք կանաչ տարածք մը յատկացուած անծին մանուկներուն, այսինքն այդ սաղմերուն որոնք վիժումի պատճառաւ երբեք լոյսը չտեսան։
2018ին տուած այցելութեան առիթով Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ հրաւիրած էր հաւատացեալները Տիրոջմէ խնդրելու` որ իրենց պարգեւէ շնորհքը «երբեք չկորսնցնելու յիշողութիւնը, ապա պարգեւէ շնորհքը յոյսի՝ որովհետեւ, ըսած էր Ան, յոյսը պարգեւ մըն է տրուած Աստուծմէ։ Ապա «Տէրը մեզի պարգեւէ շնորհքը հասկնալու եւ ընբռնելու, թէ որոնք են լոյսերը, որ մեզի կ՛ընկերանան, որպէսզի հասնինք այն վայրը` ուր կը գտնուի առատ սէր», ըսած էր միշտ այդ առիթով Ֆրանչիսկոս Պապը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ