«Չկայ իրական մարդկային զարգացում առանց ամենախոցելիներու ներդրումին». Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր` Հինգշաբթի 17 Հոկտեմբերի առաւօտեան կանուխ Ֆրանչիսկոս Պապը առաքելական պալատի Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց Ներառում և հաշմանդամութիւն «Մեծն Եօնթնեակի» վեհաժողովի մասնակցողներուն մէկ պատուիրակութիւնը, որոնց ուղղած ճառին մէջ գնահատելով անոնց յանձնառումը` «խթանելու հաշմանդամ անձանց իրաւունքներն ու արժանապատուութիւնը» նշեց, որ «հանդիպումը շօշափելի նշան է աւելի արդար, աւելի ընդելուզող աշխարհ մը կառուցելու կամքին, ուր իւրաքանչիւր անձ, իր կարողութիւններով, կարողանայ ապրիլ լիութեամբ ու իր սատարը տայ ընկերութեան զարգացումին»։
Տարբեր կարողութիւնները
«Փոխանակ անկարողութիւններու մասին խօսելու խօսինք տարբեր կարողութիւններու մասին» ըսաւ ապա Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «բոլորն ալ ունին կարողութիւն» ապա ակնարկեց ժողովականներուն ստորագրած «La Carta di Solfagnano» փաստաթղթին, որ «պտուղն է անոնց հիմնական նիւթերու շուրջ աշխատանքին, ինչպիսիք են ներառումը, հասանելիութիւնը, անկախ կեանքը ու մարդոց արժեւորումը»։ Նիւթեր` որոնք կը հանդիպին եկեղեցւոյ տեսութեան, ուր իւրաքանչիւր մարդ «բաղկացուցիչ մաս է ընդհանուր ընտանիքին, եւ ոչ մէկը պէտք է զոհ ըլլայ մնացորդացի մշակոյթին», յարեց Սրբազան Քահանայապետը։
«Անկար» բառին նախընտրել «տարբեր կարողութիւններով» ասոյթը
Ան ապա հաստատեց, թէ անհրաժեշտ է` որ բոլոր Պետութիւնները ճանչնան հաշմանդամութիւն ունեցող անձերուն ընկերութեան մէջ ներառումը, դիտել տալով թէ ինք «անկար» բառին կը նախընտրէ «տարբեր կարողութիւններով» անձեր արտայայտութիւնը եւ ասկէ մեկնելով նշեց որ «աշխարհը աւելի ներառող դարձնելը չի նշանակեր միայն կառոյցները պատշաճեցնել, այլեւ փոխել մտայնութիւնը, որպէսզի անկար մարդիկը համարուին լիակատար մաս ընկերային կեանքին։
Չկայ իրական մարդկային զարգացում առանց ամենախոցելիներու ներդրումին
«Չկայ իրական մարդկային զարգացում առանց ամենախոցելիներու ներդրումին» ըսաւ հուսկ Նորին Սրբութիւնը խօսելով նաեւ «պատնէշներու» վերացումի մասին, ըլլան անոնք ֆիզիկական, ընկերային կամ հոգեւոր։
Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ ապա անկարներուն պատշաճ սպասարկութիւններ երաշխաւորելու անհրաժեշտութեան վրայ, այս մէկը նկատելով «արդարութեան հարց», աւելցնելով, որ «մարդ արարածը երբեք միջոց պէտք չէ նկատուի, այլ նպատակ» եւ թէ այս մէկը կը նշանակէ «արժեւորել իւրաքանչիւրին կարողութիւնը, ընծայելով արժանապատիւ աշխատանքի հնարաւորութիւններ», որովհետեւ «աշխատանքը արժանապատւութիւն է», շեշտեց Ան, այս հարցին մէջ ներառելով նաեւ մշակութային ու մարզային կեանքին մասնակցութեան հարկաւորութիւնը։
Նոր արհեստագիտութիւնները
Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ «նոր արհեստագիտութիւններու» մասին, որոնք կարող են իրենց կարգին ըլլալ ընդելուզման զօրեղ գործիքներ, բայց զոր պէտք է կողմնորոշել դէպի հասարակաց բարիքը», այս ուղղութեամբ ակնարկելով նաեւ կլիմայական ու մարդասիրական տագնապներուն, որոնք կը հարուածեն դիւրաբեկ անձերը։
Աշխատիլ միասին ու խթանել իւրաքանչիւր մարդու արժանապատութիւնը
Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը ներկաները հրաւիրեց իրենց աշխատանքը դիտել` որպէս յոյսի նշան՝ հաստատելով, որ «իւրաքանչիւր մարդ թանկարժէք նուէր է»։ Քահանայապետը առա այդ խրախուսեց ներկաները աշխատելու միասին կառուցելու համար աշխարհ մը, որտեղ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութիւնը լիովին ըլլայ յարգուած և ճանչցուած։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ