Որոնել

2024.10.05 Santa Messa per la Gendarmeria Vaticana

Քահանայապետը ոստիկաններուն. դուք ծառայութեան մէջ էք նման հրեշտակներուն, որոնք մեզ մինակ չեն թողուր

Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ միութեան վրայ հաստատելով որ Աստուած այր մարդն ու կինը ստեղծեց միութեան մէջ ու թէ Աւետարանը մեզ կը կոչէ միութեան ոչ թէ բաժանումի։ Յիշեցէք ըսաւ Ան որ «միութիւնը կը գերազանցէ հակամարտութիւնը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ 5 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը հինգին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը գլխաւորեց Վատիկանի Ոստիկանութեան պաշտպան սուրբ` Սուրբ Միքայէլ Հրեշտակապետի տօնին նուիրուած սուրբ պատարագը զոր, կլիմայի վատթարութեան պատճառաւ մատուցուեցաւ սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ փոխան Վատիկանի պարտէզներու Լուրտի Տիրամօր քարայրին։

Պայքարը

Սուրբ Զոհի ընթացքին Սրբազան Պապը քարոզին սկիզբը խօսեցաւ քրիստոնէական առօրեայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող պայքարին, «մեր սրտին, մեր կեանքին, մեր ընտանիքին, մեր ազգին ու մեր Եկեղեցւոյ մէջ» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ «եթէ չպայքարինք կը նահանջենք»։

Հրեշտակները մեր պաշտպանները

«Տէրը այս պարտականութիւնը յանձնեց հրեշտակներուն` պայքարիլ ու յաղթել ու սատանան կը փորձէ միշտ մարդը կործանել» շարունակեց Քահանայապետը դիտել տալով, որ «այդ պայքարին մէջ մենք մինակ չենք, որովհետեւ Տէրը հրեշտակապետերուն յանձնեց մարդը պաշտպանելու պարտականութիւնը»։

Աստուծոյ քնքշութեան ցոլացումը

«Եւ հրեշտակները մեզ կը պաշտպանեն ու դուք եւս Սուրբ Միքայէլի հետքերով նման էք հրեշտակներուն, որոնք կը պահպանեն եւ կը ծառայեն» յարեց ապա Նորին Սրբութիւնը ոստիկաններուն աշխատանքը որակելով «Եկեղեցւոյ ծառայութիւն, որուն համար ուզեց շնորհակալութիւն յայտնել անոնց, Աստուծմէ հայցելով` որ անոնց տայ շնորհքը «որպէսզի ըլլան Աստուծոյ քնքշութեան ցոլացումը» երբ ամէն օր կը հիւրընկալեն ուխտաւորները։

Ընտանիքներուն համբերութիւնը

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղեց ոստիկաններու ընտանիքներուն շնորհակալութիւն յայտնելով նաեւ անոնց` «համբերութեան համար, հասկացողութեան համար», ապա ներողութիւն խնդրեց այն ժամերուն համար` որ իրենց հայրերը, ամուսինները, զաւակները, եղբայրները ներկայ չեն տան մէջ- որովհետեւ աշխատանքի կոչուած են եւ ասկէ մեկնաելով բոլոր ընտանիքները յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիին։

Միութիւնը կը գերազանցէ հակամարտութիւնը

Քարոզի աւարտին Սրբազան Պապը շեշտը դրաւ միութեան վրայ, հաստատելով` որ «Աստուած այր մարդն ու կինը ստեղծեց միութեան մէջ» ու թէ «Աւետարանը մեզ կը կոչէ միութեան ոչ թէ բաժանումի»։ Յիշեցէք ըսաւ Ան որ «միութիւնը կը գերազանցէ հակամարտութիւնը» ապա դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց ծառայութեան համար ու Տիրոջմէ հայցեց իմաստութեան ու համբերութեան շնորհքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2024, 19:30