Ֆրանչիսկոս Պապ. Չարը չ՝ունի իր վերջին խօսքը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լատին Ամերիկիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի խորհուրդի «Յոյսի ծրագիր» խումբի անդամները ու անոնց ուղղած խօսքին մէջ իր երախտագիտութիւնը յայտնեց կազմակերպութեան տուժած մարդոց մատուցած 25 ամեայ ծառայութեան համար
Արտասանած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց իւրաքանչիւր նորածինի գալուստի ուրախութեան յարակարծիքը, համեմատելով զայն Բեթղեհէմի ծննդեան հետ ինչպէս նաեւ կորսուած մանուկներուն համար Ռաքէլի ցաւին հետ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կեդրոնացաւ Եգիպտոսի մէջ փախուստի վրայ, որ կը խորհրդանշէ թէ ինչպէս չարը կարող է հեռացնել Յիսուսը մեր կեանքէն ու հրաւիրեց պահպանելու յոյսը, «որովհետեւ չարը չ՝ունի վերջին խօսքը»։
Ֆրանչիսկոս Պապ բարձր գնահատեց յիշեալ խորհուրդի անդամներուն մատուցած ծառայութեան արժէքը, համեմատելով կազմակերպութեան անդամները հրեշտակի հետ ու հայցեց Սուրբ Յովսէփի պաշտպանութիւնը, «որպէսզի բոլոր անոնց որոնք դժուարութեան մէջ են Յիսուսի մէջ մխիթարութիւնը գտնեն»։
Ֆրանչսիկոս Պապ պատգամը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները շարունակելու իրենց աշխատանքը, հայցելով Յիսուսի օրհնութիւնը եւ Սուրբ Կոյս Մարիամին հովանին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ