Ֆրանչիսկոս Պապ. Սիրով դաստիարակեցէք երեխաները եւ մի՛ վախնաք ձեր բարձր իտէալներէն
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 31 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Ացիոնէ Քաթթոլիքա» եկեղեցական շարժումի կրթական յանձնառութեան շարժումի 11-րդ ազգային ընդհանուր հաւաքի մասնակիցները։
Այս առթիւ արտասանած ողջոյնի խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծեց կրթական ծառայութեան կարեւորութիւնը՝յարաբերութիւններու շրջագիծէն ներս ինչպէս նաեւ կարեւորեց անձի կեդրոնականութիւնը եւ կեանքի արժանապատուութիւնը՝ կրթական գործընթացին մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ «Ացինոէ Քաթթոլիքայ»ի կրթական նախագիծը բնութագրուած է, որպէս համակարգուած եւ ստեղծագործական՝ արմատաւորուած տարածքներու մէջ եւ համագործակցութեամբ տեղական եկեղեցիներուն։
Մշակութային եւ մարդաբանական փոփոխութիւններուն դարաշրջանէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց, որ քրիստոնէական կրթութիւնը պէտք է դիմագրաւէ նոր մարտահրաւէրներ, փորձառութիւններ քաղելով ընտանիքներէն, դպրոցներէ եւ համայնքներէն։
Քահանայապետը հիմնական նկատեց ըլլալու« մեծ սիրտով կրթիչներ», չվախնալով անձնական բարձր իտէալներէն եւ կառուցել կրթական գործընթացքին մէջ ներգրաւուող տարբեր շահագրգիռ անձերու հետ յարաբերութիւններ։
Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ուշադութիւն ցուցաբերելու երիտասարդներուն, անչափահասներուն ըսելով որ անոնք աշխարհի եւ եկեղեցւոյ ապագայ են. «Նայելով յառաջիկայ յոբելեանին՝ ժամանակը յոյս մշակելու համար, ձեզմէ կը խնդրեմ յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերէք մանուկներուն, չափահասներուն եւ երիտասարդներուն։ Անոնց պէտք է նայինք կարեկցութեամբ, վստահութեամբ, ինչպէս նայեւ Յիսուսի սիրտով եւ նայուածքով։ Անոնք եկեղեցւոյ եւ աշխարհի ապագան են ու մեր պարտականութիւնն է աջակցիլ իրենց, քաջալերել եւ վկայութեամբ ցոյց տալ բարի ուղին , որ կը տանի ըլլալու “fratelli tutti”» ,ըսաւ Սրբազան հայրը շետելով, որ սէրը հիմնարար է կրթական գործընթացքին համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց հրաւիրելով ներկաները հետեւելու Աստուծոյ ծառայ Ճուզէփփէ Լազզաթի ապա տալով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ