Որոնել

2023.09.30 Concistoro Ordinario

«Ծառայի» կոչումը թող նսեմացնէ «վսեմաշուք» տիտղոսը. Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը նորանշանակ Կարդինալներուն

Դէպի վեր աչքեր, նայելու համար աւելի հեռու, միացած ձեռքեր` աղօթելու, ու բոպիկ ոտքեր դպչելու համար աշխարհի իրականութեան խստութեան
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Շաբաթ` 12 Հոկտեմբեր 2024ին Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 6 հոկտեմբեր թուակիր մէկ նամակը ուղղուած անցեալ կիրակի որ Քահանայապետի կողմէ յայտարարուած նորանշանակ կարդինալներուն, որոնք յառաջիկայ 8 դեկտեմբերին պիտի ստանան Կարդինալական աստիճանը։

Նամակին սկիզբը Նորին Սրբութիւնը «բարի գալուստ» կը մաղթէ կարդինալներուն, որոնք մաս պիտի կազմեն Հռոմի Կղերին, «պատկանելիութիւն` որ կ՛արտայայտէ Եկեղեցւոյ Միութիւնը ու բոլոր Եկեղեցիներու կապը Հռոմի Եկեղեցւոյ հետ» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը  քաջալերելով, որ «կարդինալութիւնը մարմնաւորէ այն երեք վերաբերմունքները, որոնցմով արժանթինցի բանաստեղծը (Ֆրանսիսքօ Լուիս Պերնարտես) նկարագրած է Խաչի Սուրբ Յովհաննէսը, եւ որոնք նոյնպէս կը համապատասխանեն մեզի. «Դէպի վեր աչքեր, միացած ձեռքեր ու բոպիկ ոտքեր»։

Դէպի վեր աչքեր

«Դէպի վեր աչքեր` որովհետեւ քու ծառայութիւնդ կը պահանջէ, որ հայեացքդ երկարես ու սիրտդ լայնցնես, որպէսզի կարողանաս նայիլ աւելի հեռու ու աւելի մեծ խորութեամբ սիրես տիեզերական կերպով» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի խօսքերով հրաւիրելով եղբայրակիցները մտնելու Քրիստոսի բաց կողի հայեացքի դպրոց։

Միացած ձեռքեր

«Միացած ձեռքերը որովհետեւ այն բանը որուն պէտք ունի Եկեղեցին – աւետիսին հետ միասին – քու աղօթքդ է, որպէսզի լաւապէս արածես Քրիստոսի հօտը։ Աղօթքը, որ խորաթափանցութեան վայրն է՝ որ ինծի կ՛օգնէ փնտռելու և գտնելու Աստուծոյ կամքը մեր ժողովրդի համար և հետևելու այդ կամքին» եղաւ Նորին Սրբութեան երկրորդ խրատը։

Բոպիկ ոտքեր

«Բոպիկ ոտքեր՝ դիպչելով աշխարհի բազմաթիւ անկիւններու իրականութեան խստութեան, որոնք շփոթած են պատերազմի, խտրականութեան, հալածանքներու, սովի և աղքատութեան բազմաթիւ ձևերու պատճառաւ, որոնք Քեզմէ շատ կարեկցանք և ողորմութիւն կը պահանջեն» գրած է հուսկ Սրբազան Պապը նորանշանակ կարդինալներուն յղած նամակին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց վեհանձնութեան համար ու աղօթք ապահովեցնելով «որպէսզի «ծառայի» (սարկաւագ) կոչումը երթալով նսեմացնէ «վսեմաշուք» տիտղոսը։

Քահանայապետը նամակը կ՛աւարտէ աղօթք խնդրելով իրեն համար ու Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանիով Յիսուսին օրհնութիւնները հայցելով անոնց վրայ։

Եղբայրաբար` Ֆրանչիսկոս.

Տուեալ ի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս 6 հոկտեմբեր 2024

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2024, 12:30