Որոնել

Death anniversary of Mother Teresa in Kolkata

Քրիստոսը դարձնենք կեանքին անկիւնաքար, վկայութիւն տանք միութեան ու խաղաղութեան. Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը

Յառաջիկայ կիրակի օր պիտի նշուի Միսիոներութեան Համաշխարհային օրը որուն Քահանայապետկան պատգամին այս տարուած բնաբանը քաղուած է Մատթէոս Աւետարանիչէն (Մատթ 22,9). «Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք», որուն միջոցաւ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ նորոգելու միսիոներութեան շարժականութիւնը ու կը մղէ բոլոր մկրտեալները դառնալու «դէպի դուրս Եկեղեցի մը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան 

«Առաքելութիւններուն նուիրուած այս ամսուայ մէջ Սուրբ Հոգիէն խնդրենք` որ մեզի օգնէ Քրիստոսը դարձնելու մեր կեանքին անկիւնաքարը, որպէսզի ուրախ վկայութիւն մը տանք միութեան ու խաղաղութեան, որ Ան մեզի կը պարգեւէ»։ Միսիոներութեան նուիրուած Հոկտեմբեր ամսոյն առիթով Սրբազան Պապը վերոնշեալ գրառումը հրատարակեց Քահանայապետական @pontifex ցանցին վրայ, հրաւիրելով Քրիստոսը դարձնել մեր կեանքին կեդրոնը։

Միսիոներութեան Համաշխարհային օր

Յառաջիկայ կիրակի օր պիտի նշուի Միսիոներութեան Համաշխարհային օրը, որուն Քահանայապետկան պատգամին այս տարուայ բնաբանը քաղուած է Մատթէոս Աւետարանիչէն (Մատթ 22,9). «Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք», որուն միջոցաւ Սրբազան Քահանայապետը կը հրաւիրէ նորոգելու միսիոներութեան շարժականութիւնը ու կը մղէ բոլոր մկրտեալները դառնալու «դէպի դուրս Եկեղեցի մը»։

Գացէք եւ հարսանիքին հրաւիրեցէք բոլորը

Պատգամին բնաբանը քաղուած է հարսանեկան կոչունքի առակէն, ուր Յիսուս Երկնքի թագաւորութիւնը կը նմանեցնէ թագաւորի մը, որ իր որդիին հարսանիքին առիթով իր ծառաները կը ղրկէ կանչելու հարսանիքին հրաւիրուածները։ Անոնք սակայն չեն ուզեր գալ։ Ան առ այդ այլ ծառաներ կը ղրկէ հրաւիրեալներուն մօտ բայց անոնք դարձեալ կը մերժեն հրաւէրը։ Այն ատեն Ան իր ծառաներուն կ՛ըսէ. «Հարսանիքը պատրաստ է, բայց հրաւիրուածները արժանի չէին։ Ուստի գացէք ճամբաներուն գլուխները եւ ո՛վ որ գտնելու ըլլաք, հարսանիքի հրաւիրեցէք»։ Ծառաները ելան ճամբաներուն վրայ ու ո՛վ որ գտան, թէ՛ չար եւ թէ՛ բարի, ամէնքն ալ ժողվեցին ու հարսնետունը հրաւիրուածներով լեցուեցաւ։

Այս առակէն մեկնելով Սրբազան Պապը ի յայտ կը դնէ Եկեղեցւոյ ու աշակերտներու առաքելութեան երեք յատկութիւններ. «Գացէք եւ հրաւիրեցէք», «Բոլորը» ու «Ուրախութեամբ, հեզութեամբ եւ բարեսրտութեամբ կատարել առաքելութիւնը»։

Բոլորը իրաւունք ունին հրաւիրուելու Տիրոջ հետ հանդիպումին

Բոլոր մարդիկը արդարեւ իրաւունք ունին հրաւիրուելու Տիրոջ հետ հանդիպումին, որ կ՛երազէ եւ բոլորին համար կը բաղձայ ուրախութեան ու եղբայրութեան մէջ կեանք մը։ Ահա այս է Աստուծոյ Թագաւորութիւնը որուն սկիզբ տուաւ Յիսուս եւ Ֆրանչիսկոս Պապը կը մաղթէ, որ մենք բոլորս մկրտեաներ, պատրաստ ըլլանք դարձեալ մեկնելու, իւրաքանչիւրը իր կեանքի պայմաններուն համեմատ, զարկ տալու համար միսիոներական նոր շարժումի մը, ինչպէս եղած էր քրիստոնէութեան արշալոյսին»:

Թիկունք կանգնԻԼ «Միսիոներութեան Քահանայապետական Գործունէութեան»

Այս տարուայ Միսիոներութեան ամիսը կը զուգադիպի 2025 Յոբելենական տարւոյն նախօրէին, որ որպէս նիւթ ունի Յոյսը եւ իր պատգամի աւարտին Սրբազան Պապը կը նորոգէ հրաւէրը արժեւորելու Միսիոներութեան Համաշխարհային օրը, յանձնարարելով աշխարհի բոլոր թեմերուն թիկունք կանգնելու «Միսիոներութեան Քահանայապետական Գործունէութեան»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2024, 13:30