Որոնել

2022.10.28 Foto dal ACN Polonia. La campagna "Un milione di bambini recita il rosario".

Միանանք մէկ միլիոն մանուկներու խաղաղութեան ի սպաս աղօթքին. Ֆրանչիսկոս Պապ

Աղօթքէն անդին «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» հիմնարկը կը փափաքի այս տարի մանուկներուն սորվեցնել միւսներուն բան մը նուիրելու գեղեցկութիւնը եւ հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի այս ձեռնարկին առիթով զարկ տուած է երկու կարեւոր ծրագիրներու առաջինը ուղղուած Լիբանանի մանուկներուն` աջակցելու անոնց դպրոցական պիտոյքները ապահովելու իսկ երկրորդը Աստուածաշունչի տպագրութիւնը եւ բաժանումը Հարաւային Սուտանի, Քուպայի եւ Ուրուկուայի մանուկներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այսօր տեղի կ՛ունենայ «Մէկ միլիոն մանուկներ վարդարանը կ՛աղօթեն աշխարհի խաղաղութեան համար» ձեռնարկը։ Շնորհակալութիւն բոլոր մասնակցող մանուկներուն։ Միանանք անոնց եւ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեան յանձնենք պատերազմի պատճառաւ տառապող ժողովուրդները #ՎարդարանիԱմիս»։ Այս տողերը կը կարդանք Ֆրանչիսկոս Պապին այսօր` 18 հոկտեմբերին հրատարակած մէկ թուիթին մէջ, որուն միջոցաւ կը հրաւիրէ միանալ մանուկներուն յատկացուցած այս աղօթքի ձեռնարկին ու մեր կարգին եւս աղօթել աշխարհի խաղաղութեան համար։

Յայտնենք` որ վերոնշեալ աղօթքի ձեռնարկը կազմակերպուած է «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն» Վատիկանեան հիմնարկի կողմէ եւ տեղի կ՛ունենայ ամէն տարի։ Հիմնարկը կը քաջալերէ բոլոր մանուկներն ու անոնց ընտանիքները միանալու այս աղօթքի ձեռնարկին, որուն  օգուտները շատ խոր են, ըլլայ անոնց համար, որոնք Վարդարանը կ՛աղօթեն ըլլայ համայն աշխարհին համար որ այսօր  թիրախ է պատերազմներու և հալածանքներու:

Սուրբ Վարդարանը արդարեւ հզօր աղօթք է, որ կը շարունակէ շնորհք և խաղաղութիւն ընդունիլ համայն աշխարհին համար: Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածինը Վարդարանի աղօթքի միջոցաւ մեզի կ՛ օգնէ Քրիստոսը դասելու մեր կեանքի կենտրոն,  հետևելով իրեն կեանքի օրինակին:

Աղօթքէն անդին «Տառապող Եկեղեցւոյ Օգնութիւն»  հիմնարկը կը փափաքի այս տարի մանուկներուն սորվեցնել միւսներուն բան մը նուիրելու գեղեցկութիւնը եւ հոկտեմբեր ամսուայ աղօթքի այս ձեռնարկին առիթով զարկ տուած է երկու կարեւոր ծրագիրներու, առաջինը ուղղուած Լիբանանի մանուկներուն` աջակցելու անոնց դպրոցական պիտոյքները ապահովելու իսկ երկրորդը Աստուածաշունչի տպագրութիւնը եւ բաժանումը` Հարաւային Սուտանի, Քուպայի եւ Ուրուկուայի մանուկներուն։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 11:30