Որոնել

2020.04.20 Amnesty pena di morte 8

Մահապատիժը անընդունելի է, վերացնենք համայն աշխարհէն. Ֆրանչիսկոս Պապ

Կարելի չէ մոռնալ, որ մինչեւ վերջին պահը, անձ մը կարող է դարձի գալ ու փոխուիլ» կը գրէ ի միջի այլոց Ֆրանչիսկոս Պապը Քահանայապետական @Pontifex «ԻՔՍ» հարթակի վրայ հրատարակած գրառումին մէջ, որով կը նորոգէ մահապատիժի դէմ բազմիցս ուղղած կոչերը։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք

«#Մահապատիժը միշտ ալ անթոյլատրելի է, քանի որ կը հարուածէ մարդու անձեռնմխելիութիւնն ու արժանապատուութիւնը։ Կոչ կ՛ուղղեմ` որպէսզի վերացուի աշխարհի բոլոր երկիրներէն։ Կարելի չէ մոռնալ, որ մինչեւ վերջին պահը, անձ մը կարող է դարձի գալ ու փոխուիլ»։ Ֆրանչիսկոս Պապին այս խօսքերը կը կարդանք ինը լեզուներով հրատարակուած Քահանայապետական @Pontifex «ԻՔՍ» հարթակի վրայ, որով Ան կը նորոգէ մահապատիժի դէմ բազմիցս ուղղած կոչերը։

Յայտնենք` որ 2018 թուականին Ֆրանչիսկոս Պապը փոփոխութիւն մը ներմուծած էր նոյնիսկ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականին մէջ ուր կը հաստատէ. «Եկեղեցին, Աւետարանի լոյսի ներքոյ, մեզի կ՛ուսուցանէ, որ մահապատիժը անթոյլատրելի է, քանի որ կը հարուածէ անձի անձեռնմխելիութիւնը և արժանապատուութիւնը և վճռականութեամբ յանձնառու է անոր վերացման գործին մէջ ամբողջ աշխարհէն»:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/10/2024, 12:30