Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (ANSA)

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Պատերազմը միշտ, միշտ, միշտ պարտութիւն է»

Ֆրանչիսկոս Պապին տարբեր լեզուներով Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներուն ողջոյնի խօսքը ու հրաւէրը աղօթելու խաղաղութեան համար։ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նաեւ ապրելու Ամենայն սրբոց ծիսական տօնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 30 հոկտեմբերին, Հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր լեզուներով ողջունեց Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորները, ապա կոչ ըրաւ աղօթելու խաղաղութեան համար, դիտել տալով որ պատերազմը առ աւելիով աճի մէջ է։

Իտալացի ուխտաւորներուն յղած ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը յիշեց երիտասարդները, հիւանդները, տարեցները, նորապսակեալները ապա ակնարկելով Ամենայն սրբոց տօնին հրաւիրեց ապրելու այդ ծիսական տօնը, նշելով, որ Եկեղեցին այդ տօնին մէջ կը ոգեկոչէ իր իրականութենէն երեւոյթ մը «Երկրաւոր եղբայրներու փառքը, որոնք մեզ նախորդեցին կեանքի ուղեւորութեան մէջ ու այժմ Հօր առջեւ մ կ՝ուզեն մեր հետ հաղորդութեան մէջ մնալ՝ մեզ օգնելու համար հասնելու սպասուող նպատակին», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար.

«Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Պատերազմը կ՝աճի։ Մտածենք շատ տառապող երկիրներու մասին, Մարտիրոսացած Ուքրանիան, Պաղեստինը, Իսրայէլը, Միանմարը, Հարաւային Քիւու ինչպէս նաեւ պատերազմի մէջ գտնուող շատ մը երկրներ։ Աղօթենք խաղաղութեան համար։ Խաղաղութիւնը Սուրբ Հոգիին պարգեւն է եւ պատերազմը միշտ, միշտ, միշտ, միշտ պարտութիւն է»։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կոչը աւարտեց յարելով «Երեկ տեսայ, որ գնդակահարուած են 150 անձեր, մանուկները ի՞ նչ կապ ունին պատերազմին մէջ ու ընտանիքները առաջին զոհերն են, Աղօթենք խաղաղութեան համար», ըսաւ Սրբազան Հայրը շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2024, 10:43