Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Գաղթականութիւնը աճումի հնարաւորութիւն է՝ եւ գաղթականներուն եւ անոնց աջակցողներուն համար։

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը իրենց ԺԶ ընդհանուր ժողովը գումարող «Սան Քարլօ» Միսիորաներուն՝ «Սքալապրիան» միաբանութեան անդամներուն։ Արտասանած ճառին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտը դրաւը գաղթականները ընդունելու ծիրէն ներս յոյսի կարեւորութեան վրայ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 28 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց իրենց ԺԶ ընդհանուր ժողովը գումարող «Սան Քարլօ» Միսիորաներուն՝ «Սքալապրիան» միաբանութեան անդամները ու անոնց ուղղած ճառին մէջ ընդգծեց յոյսի կարեւորութիւնը՝ գաղթականները ընդունելու շրջագիծէն ներս ու շեշտեց որ գաղթականները «Յոյսի վարպետներ են» որովհետեւ տոկունութեամբ կը դիմակայեն դժուարութիւնները՝ դրդուած տան մէջ մնացած իրենց ընտանիքներուն հանդէպ ունեցած սէրէն։

Նորին Սրբութիւնը ներշնչուելով յոբելինական Սուրբ Տարուան վերնագիրէն «Յոյսի ուխտաւորները» իր ճառը կեդրոնացուց, յիշեալ միաբանութեան ծառայութեան երեք կարեւոր երեւոյթներուն վրայ երեք Գաղթականներ, հովուական ծառայութիւն եւ բարեգործութիւնը։

Գաղթականներ

Գաղթականութիւնը քահանայապետը նկարագրեց որպէս աճումի հնարաւորութիւն՝ ըլլայ գաղթականներուն համար, ըլլայ անոնց աջակցողներուն համար, սակայն կարելի է որ վերածուի գոյութենական ճգնաժամի, եթէ մենակութեան մէջ ապրուի։

Հովուական ծառայութիւն եւ բարեգործութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց յոյսի հովուական ծառայութեան անհրաժեշտութիւնը, որ կարող է արձագանքել գաղթականներուն, ֆիզիքական, հոգեբանական, հոգեւոր վէրքերուն ու ընդգծեց նաեւ որ ընկերային անարդարութիւնը եւ ամբողջական անհաւասարութիւնները բարեգործութիւնը կը դարձնեն հիմնարար արժէք։ Այս գծով Սրբազան Հայրը հրաւիրեց կեդրոն դնել մարդոց իրաւունքները ու արժանապատուութիւնը, յաղթահարելով կարծրատիպները եւ նախապաշարումները։

Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց յիշեալ միաբանութեան անդամները, իրենց կոչումը երախտագիտութեամբ ապրելու եւ այս պահը վերածելու հոգեւորական վերանորոգումի հնարաւորութիւն, աղօթելով իրենց առաքելութեան եւ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան համար։

«Ձեր մասին մտածելով անուանեցի նոր կարդինալ մը, կ՝ուզէի առաջ ընել բայց ինք չ՝ուզեց։ Հիմա հնազանդութեան համար, կատարեց։ Եւ կան նաեւ ձեզմէն երկու կարդինալներ Հռոմի մէջ։ Այս մէկը ընդունեցէճ որպէս յարգանքի, գնահատանքի մեծ ժեսթ», ըսաւ Սրբազան Հայրը ապա շնորհակալութիւն յայտնելով միաբանութեան կատարած անհուն աշխատանքներու համար, իր առաքելական օրհնութիւնը տուաւ յանձնարարելով ինչպէս միշտ, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2024, 09:41