Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Լիպերիոյ հանրապետութեան նախագահը Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Լիպերիոյ հանրապետութեան նախագահը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Լիպերիոյ հանրապետութեան նախագահը

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապին, Լիպիոյ հանրապետութեան նախագահին ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 18 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Վատիկանի Առաքելական պալատին իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Լիպերիոյ հանրապետութեան նախագահ, տիար Ժոզէֆ Նումա Պուաքայը։ Նախագահը ապա հանդիպեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններուն հետ յարաբերութեան քարտուղար, գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են երկու կողմերու միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ կրթական, առողջապահական մարզէն ներս Կաթողիկէ եկեղեցւոյ համագործակցութիւնը, ապա կեդրոնացած են երկրի ընկերային, տնտեսական իրավիճակի կարգ մը երեւոյթներուն վրայ։

Զրոյցի ընթացքին տեղի ունեցած են միտքերու փոխանակութիւն միջազգային ընթացիկ հարցերու շուրջ, մասնաւորապէս անդրադառնալով տարածաշրջանի իրավիճակի եւ գաղթականներուն երեւոյթին։

Նշենք, թէ այսօր Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց նաեւ Էսվաթինիի, Մսվաթի Գ թագաւորը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2024, 11:39