Ֆրանչիսկոս Պապ. Սէր տարածենք խօսքերու, ժեսթերու եւ լռութեան միջոցաւ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ուրբաթ, 25 հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Փասիոնիսթներու միաբանութեան տարեկան ընդհանուր ժողովին մասնակիցները ու անոնց ուղղեց իր սիրտի խօսքը։
Արտասանած պատգամին մէջ քահանայապետը ողջունեց ներկաները ու իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հանդիպումին համար ընդգծելով ժամանակակից ճգնաժամերու արձագանքելու վերաբերեալ խորհրդածութիւններուն կարեւորութիւնը՝ համաձայն Աստուծոյ հրաւէրին համագործակցելու Իր Փրկութեան ծրագիրին։
Ֆրանչիսոկոս Պապ իր խօսքը կեդրոնացուց Եսայի Մարգարէին կոչին եւ Յիսուսի հրաւէրին վրայ աղօթելու, Աստուածային հունձքին մէջ աշխատաւորներ դառնալու համար։
Նորին Սրբութիւնը Փասիոնիթները հրաւիրեց անյապաղ արձագանքել Աստուածային կոչին՝ վերանորոգելով իրենց միսիոնարական եռանդը ի տես Յոբելեանին, ունենալով որպէս նպատակ հասնիլ բազմաթիւ մարդոց Աստուծոյ լոյսը անոնց տանելու համար։
Սրբազան Հայրը քաջալերեց Փասիոնիսթները դուրս ելլելու եւ հաւատքի մասին վկայելու, հայեցողական կեանքի ու եղբայրական յարաբերութիւններուն աջակցութեամբ, աղօթելով ինչպէս նաեւ արմատաւորուելով աղօթի եւ Աստուծոյ խօսքին մէջ։
Յիշելով ապա Խաչի Սուրբ Պօղոս առաքեալին խարիզմը, որ Յիսուսի մահը հասկցաւ որպէս Աստուածային սիրոյ առաւելագոյն արտայայտութիւնը, Ֆրանչիսոս Պապ հրաւիրեց Փասիոնիթսները հռչակելու յոյսի եւ սիրոյ պատգամը, տառապանքի եւ աղքատութեան շրջանակէն ներս ընդգծելով, որ ցաւը կարող է իր իմաստը գտնէ սիրոյ պարգեւին մէջ։
Անդրադառնալով ապա Փասիոնիսթներուն ընդհանուր ժողովին նիւթին, որ է յոյսը, Ֆրանչիսկոս Պապ յարեց որ այս յոյսը խարսխուած է Յիսուսի Յարութեան եւ մահուան մէջ՝ արժէք եւ իմաստ տալով մարդկային կեանքին բոլոր ոլորտներուն։
Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց հրաւիրելով Փասիոնիթլները սէր արտայայտելու՝ խօսքերու, ժեսթերու եւ լռութեան միջոցաւ ապա շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը խնդրեց, ինչպէս միշտ որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ