Ֆրանչիսկոս Պապ. Եկեղեցին մէկ է՝ սակայն միութիւնը ձեռք կը բերուի Աստուծոյ հետ եւ ոչ թէ սեղանին շուրջ։

Ֆրանչիսկոս Պապին հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթը եղաւ Սուրբ Հոգիին մասին եկեղեցւոյ կաթողիկէ վարդապետութիւնը։ Ներշնչուելով Ղուկաս Աւետարանիչի գործ առաքելոց գիրքէն Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Հոգիին երկու շարժումներուն վրայ՝ ընդհանրականութիւն եւ միութեան ստեղծում։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 9 հոկտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ հաւաքուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ կատարեց չորեքշաբթի օրուան հրապարակային ունկնդրութիւնը ու որպէս նիւթ՝ շարունակեց զրուցել Սուրբ Հոգիին եւ Եկեղեցւոյ կաթողիկէ վարդապետութեան մասին, անդրադառնալով գործ Առաքելոց գիրքին։

«Պենտեկոստէի օրը, Սուրբ Հոգիին իջնելու պատմութիւնը կը սկսի որոշ նախապատրաստական նշաններու նկարագրութեամբ՝ սաստիկ հովով եւ կրակի լեզուներով, սակայն իր եզրակացութիւնը գտաւ. «Ամէնքը լեցուեցան Սուրբ Հոգիով» խօսքով, (Գործ Առք 2,4), ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ «Սուրբ Հոգիով լեցուելու անմիջական հետեւանքը այն եղաւ, որ առաքեալները «սկսան խօսիլ այլ լեզուներով» ու վերնատունէն դուրս եկան Ժողովուրդին Յիսուս Քրիստոսը հռչակելու համար»։

Սուրբ Հոգին կ՝աշխատի երկու ձեւերով

Ներշնչուելով միշտ Ղուկաս աւետարանիչէն, Ֆրանչիսկոս Պապ ըսաւ, որ «Սուրբ Հոգին կ՝աշխատի երկու ձեւերով՝ առաջին, Ան մէկ կողմէ եկեղեցին կը մղէ դէպի դուրս, որպէսզի կարողանայ ընդունիլ անընդհատ աւելի մարդիկ եւ ժողովուրդներ, միւս կողմէ Սուրբ Հոգին իր մէջը կը հաւաքէ ՝ ամրապնդելու համար միութիւնը։ Սուրբ Հոգին եկեղեցւոյ կը սորվեցնէ, որ ընդարձակուի ընդհանրականութեան մէջ ու հաւաքուի միասնութեան մէջ»։

Ընդհանրականութիւն

Ֆրանչիսկոս Պապ  նկատել տուաւ, որ Սուրբ Հոգիին երկու շարժումներէն առաջինը՝ ընդհանրականութիւնը կը տեսնենք գործ Առաքելոց գիրքին 10-րդ գիրքին մէջ, Կուռնելիոսի դարձի գալու պատմութեան մէջ.

«Պենտեկոստէի օրը առաքեալները Յիսուս Քրիստոսը հռչակեցին բոլոր հրէաներուն եւ Մովսէսի օրէնքը պահողներուն», ըսաւ Սրբազան Հայրը դիտել տալով « որ պէտքը կայ ուրիշ Պենտեկոստէի նման առաջինին, Հարիւրապետ Կուռնելիոսի տան մէջ, հրահրելու համար առաքեալները ընդլայնելու հորիզոնները եւ քանդելու վերջին պատնէշը, հեթանոսներուն եւ հրէաներու միջեւ։ (Գրոծ Առք 10-11)։ Ֆրանչիսկոս Պապ մատնանշեց, որ այս ցեղային ծաւալումին կ՝աւելնայ աշխարհագրական ընդլայնումը։ Գործ Առաքելոց գիրքին մէջ նշուած է, որ Սուրբ Պօղոսը կ՝ուզէր աւետարանը աւետել Փոքր Ասիոյ նոր մարզին մէջ, սակայն Սուրբ Հոգիին հրամանին հետեւելով Սուրբ Պօղոս Մակեդոնիա մեկնեցաւ։ Այպէս փոքր Ասիոյ մէջ ծնած աւետարանը դուրս ելաւ եւ Եւրոպա մտաւ», ըսաւ Քահանայապետը

Սուրբ Հոգիին երկրորդ շարժումը՝ միութեան ստեղծումը

Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց, որ Սուրբ Հոգիին երկրորդ շարժումը՝ միութեան ստեղծումը կը տեսնենք գործ Առաքելոց գիրքին, 16 գլխուն մէջ Երուսաղեմի ժողովին պատմութիւնը, որուն խնդիրը այն էր, թէ ինչպէս ապահովուել, որ ձեռք բերուած համընդհանրութիւնը չվտանգէ միութիւնը։

«Սուրբ Հոգին միշտ չէ, որ միութիւն կը բերէ հրաշքով կամ վճռական միջամտութիւններով, ինչպէս Պենտեկոստէի օրը։
Սուրբ Հոգին միասնութիւնը կը բերէ նաեւ խոհեմ աշխատանքով, յարգելով ժամանակները, մարդկային տարբերութիւնները, անցնելով մարդոց եւ հաստատութիւններու միջոցաւ, աղօթքով եւ քննարկումներով, այնպէս ինչպէս այսօր Սինոդի միջոցաւ», ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով ,որ այդպէս պատահեցաւ Երուսաղեմի ժողովին մէջ՝ դարձի եկած հեթանոսներուն Մովսէսի օրէնքը պարտադրելու համար ու այդ խնդրի լուծումը ամբողջ եկեղեցւոյ հռչակուեցաւ հետեւեալ բառերով, «Սուրբ Հոգին եւ մենք որոշեցինք։ (Գործ առք 15,28)։

Հրապարակային ունկնդրութեան եզրակացութիւնը

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց ընդհանուր ունկնդրութիւնը նշելով, որ «Եկեղեցւոյ միութիւնը անձերու միութիւն է ու ձեռք չբերուիր սեղանին շուրջ՝ այլ կեանքին մէջ։ Բոլորս միութիւն կ՝ուզենք, բոլորս անիկա կը փափաքինք մեր խոր սիրտէն, սակայն անիկա դժուար է ձեռք բերել նաեւ ամուսնութեան եւ ընտանեկան կեանքին մէջ, միութիւնն ու ներդաշնակութիւնը ամենադժուար բաներէն են՝ որոնց կարելի է հասնիլ ու առաւել  եւս դժուար է զանոնք պահպանել, ոորովհետեւ բոլորս միութիւն կ՝ուզենք, սակայն սեփական տեսակէտի շուրջ, առանց մտածելու , որ դիմացինը ճիշդ նոյնը չմտածեր իր տեսակէտին մասին ու այս ձեւով միութիւնը կը հեռանայ», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնեով որ Պենտեկոստէի միութիւնը՝ըստ Սուրբ հոգիին կ՝իրականայ այն ժամանակ երբ կը ձգտինք Աստուած կեդրոնը զետեղել եւ ոչ թէ մեր մեր անձերը։ Քրիստոնեաներու միութիւնը նոյնպէս հետեւեալ ձեւով կը կառուցուի, ոչ թէ սպասելով, որ ուրիշները հասնին այնտեղ, ուր մենք կը գտնուինք, այլ միասին շարժելով դէպի Քրիստոս։

Սուրբ Հոգիէն խնդրենք, որ մեզի օգնէ դառնալու խաղաղութեան եւ միութեան գործիքներ», ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/10/2024, 09:38

Վերջին ունկնդրութիւնները

Կարդալ բոլորը >