Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Սպանիոյ վարչապետը ապա Ուքրանիոյ նախագահը
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակելով երկու տարբեր հաղորդագրութիւններ առաջինին մէջ տեղեկացուց, որ այսօր՝ 11 հոկտեմբերին, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ նախ ընդունեց Սպանիոյ վարչապետը, Տիար Փետրօ Սանչէզ Փերեզ Քասթեկոնը, ապա ընդունեց Ուքրանիոյ հանրապետութեան նախագահ Վոլոտիմիր Զելենքսին։
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի առաջին հաղոդրագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Սպանիոյ վարչապետը Ֆրանչիսկոս Պապին հետ հանդիպելէ ետք հանդիպած է Վատիկանի Պետական քարտուղար, կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ ընկերակցութեամբ Պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար գերպ, Փոլ Ռիչարտ կալլակերին։
Ջերմ մթնոլորտի մէջ կայացած հանդիպումին ընթացքին տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակում երկկողմանի յարաբերութիւններուն ընդհանուր հետաքրքրութիւնը ներկայացնող հարցերուն շուրջ՝ նպատակ ունենալով խրախուսել արդիւնաւէտ երկխօսութիւնը տեղական եկեղեցւոյ եւ պետական իշխանութիւններու հետ, ինչպէս նաեւ քաղաքացիական տարբեր բաղադրիչներուն միջեւ։
Ի վերջոյ քննարկուած են տարածաշրջանային եւ միջազգային բնոյթ ունեցող հարցեր, յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերելով ընթացող հակամարտութիւններուն, ընդգծելով խաղաղութեան աջակցելու հրատապ յանձնառութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղթականութեան լուրջ ճգնաժամին, մասնաւորապէս Միջերկրականի եւ Քանարիէ կղզիներու մէջ։
Իսկ Ուքրանիոյ հանրապետութեան նախագահին հետ ունեցած հանդիպումի վերաբերեալ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք որ Ուքրանիոյ նախագահը Պապին հետ հանդիպելէ ետք հանդիպած է Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ընկերակցութեամբ պետութիւններուն եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ արտաքին յարաբերութիւններուն, քարտուղար գերպ Փոլ Ռիչարտ Կալլակերին։
«Պետական քարտուղարութենէն ներս տեղի ունեցած քննարկումներուն կեդրոնական նիւթ եղաւ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմական եւ մարդասիրական իրավիճակը ու ինչպէս նաեւ այն ուղիները, որոնք կարող են վերջ դնել, յանգեցնելով երկրի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան։ Քննարկուած են նաեւ երկրին մէջ կրօնական կեանքի վերաբերող հարցեր» նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ