Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Հիւսել Յիսուսը սիրելու աւետարանական ցանցեր»

Ֆրանչիսկոս Պապին լսատեսողական պատգամը Սիկիլիոյ մէջ աստուածաբանական համալսարանի հիմնադրութեան 45-րդ տարեդարձին առթիւ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 16 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց Սիկիլիոյ մէջ Քահանայապետական Աստուածաբանական համալսարանին հիմնադրութեան 43-րդ տարեդարձին եւ ակադեմիական աշխատանքներու բացման կապակցութեամբ։

Պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ յիշեալ համալսարանը բնութագրող եկեղեցական կոչումին՝ որ կը կայանայ դերակատարներ դառնալու մէջ՝ դիմակայելու համար այն մարտահրաւէրները որոնք միջերկրական ծովը կը ներկայացնեն. Արեւելքի հետ համամիութենական երկխօսութիւնը, Իսլամներու եւ Հրէաներու հետ միջ կրօնական երկխօսութիւնը, մեր ծովուն մարդկային արժանապատւութեան պաշտպանութիւնը.....

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, Միջերկրականի Աստուածաբանութեան պարտականութիւն է հիւսել փրկութեան ցանցեր, հիւսել Յիսուսը սիրելու եւ Յիսուսի նման մտածելու աւետարանական ցանցեր, կառուցուած շնորհքի թելերով եւ միահիւսուած Աստուծոյ ողորմութեամբ, որոնց միջոցաւ եկեղեցին նաեւ Միջերկրականի մէջ կրնայ դառնալ, մարդկային էական փրկութեան նշան եւ գործիք։

Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ցանցերը կը հիւսուին գետին նստած, յաճախ ծունկի եկած։ Չի մոռնանք, որ ասիկա լաւագոյն դիրքն է Տէրը Սիրելու համար՝ ծունկի եկած… չմոռնանք, որ միայն մէկ անգամ թոյլատրելի է մարդու մը վերէն նայիլ միայն օգնելու համար անոր վեր կենալու։ «Այսպիսով աստուածաբանութիւնը կը պահանջէ եւ կը ներառէ վկայութիւն՝ սեփական կեանքը զոհաբերելու, մինչեւ կեանքի զոհաբերում, անձնուիրում, նահատակութեան միջոցաւ», ըսաւ Սրբազան Հայրը նկատել տալով որ Սիկիլիան կը ճանչնայ բազմաթիւ վկաներ եւ մարտիրոսներ, որոնց շարքին յիշեց Հայր Փինօ Փուլիսին, Դատաւոր Ռոզարիօ Լիվաթինոն, դատաւոր Փաուլօ Պորսելլինօն եւ Ճովաննի ֆալքոնէն ։

«Անոնք արդարադատութեան իսկական աթոռներ են, որոնք Աստուածաբանութիւնը կը հրաւիրեն Աւետարանի խօսքերով նպաստելու մէկ տարածքի մշակութային փրկագինին, որ տակաւին խոցուած է մաֆիայի վէրքերով։ Միջերկրականի մէջ Աստուածաբանութիւն կատարել կը նշանակէ յիշելով որ Աւետարանումի հռչակումը կ՝անցնին արդարադատութեան խթանման միջոցառումին միջոցաւ, անհաւասարութիւններու յաղթահարման, անմեղ զոհերուն պաշտպանութեամբ, որպէսզի կեանքի աւետարանը միշտ փայլի եւ չարը մերժուի բոլոր ձեւերով։

Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամը աւարտեց ընդգծելով որ միջերկրականը պահանջը ունին կենդանի աստուածաբանութեան, որ ամբողջութեամբ կը մշակէ իր տուեալ միջավայրը, դառնալով կոչ բոլորին։
Խրախուսեցէք Աստուածաբանութիւն մը որ խաչի բարձրութենէն եւ ծնկադրած ուրիշի առջեւ կ՝օգտագործէ խոնարհ, սթափ եւ արմատական խօսքեր, օգնելու համար բոլորին մօտենալու կարեկցանքի եւ կ՝օգտագործէ բառեր որոնք կ՝օգնեն  մեզի դառնալու Աստուածային խորհուրդին սեմը։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/10/2024, 16:00