Որոնել

2023.10.12 Nossa Senhora Aparecida - Brasil

Ափարեսիտայի Տիրամօր տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհաւորանքը

Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսողական պատգամով մը ողջունեց եւ իր շնորհաւորեց Պրազիլի հաւատացեալները, Ափարեսիտայ Տիրամօր տօնին առթիւ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 12 նոյեմբերին, Պրազիլի պաշտպան սուրբ, Ափարեսիտայի Տիրամօր տօնն է։ Այս օրը կը յիշուի այն  պատմութիւնը, երբ 1717ին, երեք ձկնորսներ ծով կ՝երթան ձուկ որսալու՝ իրենց քաղաքը այցելող իշխանին
ընթրիքը պատրաստելու համար։ Աւանդութեան համաձայն ձկնորսութեան ժամանակ, ձկնորսները իրենց ցանցին մէջ կը գտնեն Տիրամօր փայտէ փոքրիկ արձան մը՝ սակայն առանց Տիրամօր գլուխին։ Այնուհետեւ ձկնորսները իրենց ցանցը ետ ծովուն մէջ նետելով այս անգամ կը գտնեն Տիրամօր արձանի գլուխը։

Տիրամօր այս փոքրիկ արձանը 15 տարիներ կը մնայ ձկնորսի մը տան մէջ, ուր ամէն օր դրացիները աղօթելով արձանին առջեւ կը ստանան բազմաթիւ շնորհքներ։ Այնուհետեւ Տիրամօր արձանին պաշտամունքը  կը տարածուի ողջ Պրազիլի մէջ։

Ափարեսիտա Տիրմաօր տօնին կապակցութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ լսատեսղողական պատգամով մը ողջունեց եւ շնորհաւորեց Պրազիլի բոլոր հաւատացեալները ըսելով.

«Մեր Ափարեսիտա Տիրամօր տօնին օրը կը փափաքիմ ձեզ ողջունել եւ ձեզի մօտիկ ըլլալ։ Առաջ գացէք Աստուածածնի այս պատգամով, որ ամբողջութեամբ ներդաշնակութիւն է, ներդաշնակութիւն բոլոր քրիստոնեաներու միջեւ, ներդաշնակաութին բոլոր մարդկութեան հետ, կլիմայական ներդաշնակութիւն»,  ըսաւ Սրբազան Հայրը ու պատգամը աւարտեց ապահովուելով իր աղօթքը Տիրամօր.

«Կը խնդրեմ Ափարեսիտայի Սուրբ Կոյսէն, որուն շատ անգամ այցելած եմ, որ ձեզ օրհնէ։ Ձեզի ընկերանայ ու երջանիկ դարձնէ, որովհետեւ Ան ուրախութեան Կոյսն է։ Թող Տէրը ձեզ օրհնէ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2024, 10:21