Որոնել

Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոն Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոն 

Ֆրանչիսկոս Պապ. Սուրբ Երկրի Պահակութիւնը` խաղաղութեան և հակամարտութիւններու միջև երկխօսութեան առաքելութիւն

Նորին Սրբութիւնը ստորագրեց Սուրբ Երկրի Պահակ` Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնի եւ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի լրագրող Ռոպերթօ Չեթերայի «Որպէս ուխտաւոր, իմ օրերս Սուրբ Երկիր մէջ» վերտառութեամբ հարցազրոյց-գիրքին նախաբանը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ստորագրած է Սուրբ Երկրի Պահակ` Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնի եւ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի լրագրող Ռոպերթօ Չեթերայի` «Որպէս ուխտաւոր, իմ օրերս Սուրբ Երկրի մէջ» վերտառութեամբ հարցազրոյց-հատորին նախաբանը, որուն սկիզբը Ան կը հաստատէ, որ «Պահապան կանգնիլը առաջին պարտականութիւնն է` զոր Տէրը վստահեցաւ իր ստեղծած մարդուն», եւ ասկէ մեկնելով կ՛ակնարկէ Սուրբ Երկրի Պահակութեան ու անոր պարտականութիւններուն, որոնց շարքին նաեւ ութը երկիրներու մէջ գործող Ֆրանչիսկեան միաբանութեան տարբեր վայրերէն ու մշակոյթներու մաս կազմող անդամներուն գործունէութեան համադրումը, որ կը «պահանջէ իրարմէ տարբեր աւանդութիւններու ու մշակոյթներու ներդաշնակութեան մեծ ջանք մը» կը գրէ Քահանայապետը։

Ֆրանչիսկեան միաբնութեան հովուական գործունէութիւնը

Ան ապա կ՛ակնարկէ Ֆրանչիսկեաններու միաբնութեան հովուական գործունէութեան` Երուսաղէմի Պատրիարքութեան պատկան մեծ ժողովրդապետութիւններէն ներս, ինչպիսիք են Նազարէթը, Բեթղեհէմը, Ժաֆան ու Երուսաղէմը, ապա կը խօսի միաբանութեան մատակարարած 16 դպրոցներու մասին, որ մեծապէս կարեւոր կը նկատէ «տարբեր կրօններու ու ցեղերու միջեւ խաղաղութեան ու հանդիպումի մշակոյթին կազմաւորումին համար»։

76 տարիներէ ի վեր տեւող պատերազմ

Սրբազան Պապին նախաբանին մէջ անդրադարձ կը կատարուի նաեւ միջրկօնական երկխօսութեան մասին ու Սուրբ Երկրի «Status Quo» ի մատակարարման ու նաեւ 76 տարիներէ ի վեր Սուրբ Երկիրը յուզող ողբերգական հակամարտութեան։

Հայր Փաթթոնի եւ Պահակութեան առաքելութիւնը

«Մեծ աշխատանք ու պատասխանատուութիւն, զոր կը յենուն Ֆրանչիսկեան Եղբայրներուն ու անոնց Պահակի ուսերուն վրայ», կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով հատորին մէջ պատմուած Հայր Փաթթոնի ապրած փորձառութեան ու դժուար առաքելութեան, ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, որ յատկանշուեցաւ սարսափելի եւ արտակարգ իրադարձութիւններով, ինչպէս համավարակը ապա անցեալ տարուայ 7 հոկտեմբերէն սկիզբ առած ահռելի պատերազմը... «որոնց ընթացքին Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնը գիտցաւ շիտակ ուղղութեան վրայ պահել նաւը, որ իրեն յանձնուած էր ու բազմապատկել մօտիկութեան ջանքերը, այդ ողբերգութիւններուն թիրախ ժողովուրդներուն» կը գրէ հուսկ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով իր աչքերուն համար ամենագեղեցիկ ձեռնարկին` այն է «Իտալիա փոխադրել վիրաւոր ու հիւանդ 150 մանուկներ»։

Տէրը թող խաղաղութիւն պարգեւէ

Քահանայապետը ի վերջոյ կ՛ընդգծէ, որ «այս գիրքը, որ ծնաւ երկու եկեղեցական կառոյցներու համագործակցութենէն, որոնք արդիւնաւէտօրէն կ՛արտայայտեն Եկեղեցւոյ կաթողիկէութիւնը, միջազգանութեան միջոցաւ՝ այսինքն Սուրբ Երկրի Պահակութիւնը և «Osservatore Romano» ն, պիտի օգնէ մեզի աւելի լաւ ճանչելու Հայր Փաթթոնը», ապա նախաբանը կ՛աւարտէ` Հայր Փաթթոնին, Սուրբ Երկրին ու բոլոր զայն պահպանողներուն մաղթելով` որ «Տէրը խաղաղութիւն տայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2024, 09:06