Որոնել

2024.10.22 monsignor Bruno Syukur indonesia rinuncia cardinale

Գերապայծառ Սիուքուր կը հրաժարի «կարդինալական անուանումէն», աճելու համար քահանայական կեանքին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունած է ֆրանչիսկեան եպիսկոպոս` Գերապ. Փասքալիս Պրունօ Սիուքուրի դիմումը, չի ներառուելու կարդինալական դասին մէջ, յառաջիկայ 7 դեկտեմբերին նախատեսուած կարդինալական ժողովի ընթացքին, որպէսզի շ «կարողանայ շարունակել իր աճումը «Եկեղեցւոյ ու Աստուծոյ Ժողովուրդին ծառայութեան մէջ»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան

Ինդոնեզիայի Պոկոր Թեմին եպիսկոպոս, ֆրանչիսկեան միաբան 62 ամեայ Գերապայծառ Փասքալիս Պրունօ Սիուքուրը, որուն Ֆրանչիսկոս Պապը յառաջիկայ 7 դեկտեմբերին պիտի շնորհէր կարդինալական աստիճանը, դիմում ներկայացուցած է Սրբազան Հօր Անորմէ խնդրելով որ զինք չի ներառէ նոր կարդինալներու շարքին։

«Առաջնորդի այս ընտրութիւնը, - կը տեղեկացնէ Վատիկանի մամուլի գրասենեակի տնօրէն Մաթթէօ Պրունին,- պայմանաւորած է անոր քահանայական կեանքին մէջ յետագայ աճի, Եկեղեցւոյ և Աստուծոյ ժողովրդին ծառայելու անոր ցանկութեամբ»։

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունած է վերոնշեալ խնդրանքը եւ այսպիսով յառաջիկայ դեկտեմբերին նախատեսուած կարդինալական ժողովի ընթացքին ստեղծուելիք նոր կարդինալներուն թիւը պէտք է նկատել ոչ թէ 21 այլ 20։

Յայտնենք` որ Գերապայծառ Սիուքուրը եպիսկոպոս նշանակուած է Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ, 21 նոյեմբեր 2013, 2001էն 2009 վարելէ ետք ԻՆդոնեզիայի Կրցեր Ֆրանչիսկեաններու միաբանութեան Մեծաւորի պաշտօնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2024, 10:00