Որոնել

2024.10.26 Sinodo dei Vescovi - XVI Congregazione Generale

Այսօր իր աւարտին կը հասնի Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսը

26 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստը սկիզբ առաւ սիւնհոդոսի եզրափակիչ միասնական աղօթքով որուն մէջ ժողովականները Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեցին սիւնհոդոսի ընթացքին համար «Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեամբ», ու «հոգեւոր եւ եկեղեցական ունկնդրութեան, երկխօսութեան ու զատորոշումի» խոր փորձառութեան համար.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ` 26 Հոկտեմբերին, Վատիկանի մէջ գումարուած Սիւնհոդոսականութեան նուիրուած Եպիսկոպոսական ԺԶ սովորական հաւաքը կը գումարէ իր վերջին աշխատանքային նիստերը` առաւօտեան ու յետմիջօրէին, որոնց ընթացքին ընթերցումը կը կատարուի վերջին երկու օրերուն պատրաստուած սիւնհոդոսի աւարտական Փաստաթուղթին, ապա կէսօրէն ետք նախատեսուած է անոր քուէարկութիւնը` սիւնհոդոսի բոլոր անդամներուն կողմէ։ Սոյն հաւաքներուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապը որ քուէարկութեան աւարտին, Սիւնհոդոսի Նախագահին ողջոյնի եզրափակիչ խօսքէն ետքը իր սրտին խօսքը կ՛ուղղէ բոլոր ներկաներուն, ապա տեղի կ՛ունենայ «Te Deum» փառաբանական շարականի երգեցողութիւնը։

 Սիւնհոդոսի նիստերու եզրափակիչ աղօթքը

26 հոկտեմբերի առաւօտեան նիստը սկիզբ առաւ սիւնհոդոսի եզրափակիչ միասնական աղօթքով, որուն մէջ ժողովականները Աստուծոյ շնորհակալութիւն յայտնեցին սիւնհոդոսի ընթացքին համար «Սուրբ Հոգիի ունկնդրութեամբ», ու «հոգեւոր եւ եկեղեցական ունկնդրութեան, երկխօսութեան ու զատորոշումի» խոր փորձառութեան համար.

«Դուն մեզի առիթ տուիր ապրելու հանդիպման եղբայրութիւնը մեր տարբերութիւններէն անդին, ճաշակելու Աւետարանի ուրախութիւնը և Յարութեան ուժը: Դուն մեզ կը կոչես հաղորդութիւն հիւսելու առաքելութեան ծառայութեան մէջ՝ ուժեղացնելով բոլորի մասնակցութիւնը: Տո՛ւր մեզի ըլլալ սինոդականութեան միսիոներներ, որպէսզի աշխարհին տանինք խաղաղութեան, հաշտութեան և յոյսի պատգամը» ըսին ի միջի այլոց իրենց աղօթքին մէջ ժողովականները որոնք ապա Աստուծոյ վստահեցան աշխատանքի վերջին օրը, որուն առիթով պիտի ընթերցուի եւ վաւերացուի եզրափակիչ փաստաթուղթը.

«Տուր մեզի Լոյսի և Ճշմարտութեան Հոգիդ, Քու ազատութեան և յանդգնութիւն Հոգին, որպէսզի մենք կարողանանք զԱյն ընկալել, որպէս քու շնորհքիդ պարգև: Տուր մեզի ներգրաւուելու ցանկութիւնը` այս օրուայ աշխատանքներուն մէջ, նախապէս Քեզի յանձնելով այն, ինչ որ մենք պիտի ստանանք» ըսին միաբերան ժողովականները:

Մամլոյ Ասուլիս եւ Պատարագ

Յայտնենք` որ Հաւաքի աւարտին նախատեսուած է Մամլոյ Ասուլիս իսկ վաղը` Կիրակի 27 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պիտի գլխաւորէ Սիւնհոդոսին եզրափակիչ Սուրբ պատարագը Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ եւ այս պատարագի առիթով, բացումը պիտի կատարուի նաեւ Սուրբ Պետրոս տաճարի կեդրոնական խորանին, անոր նորոգութեան աշխատանքներէն ետքը, մինչ հանրութեան պիտի ցուցադրուի Սուրբ Պետրոս առաքեալի պատմական Գահը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/10/2024, 10:54