Ֆրանչիսկոս Պապը լսատեսողական պատգամ մը ուղղեց Կուսթավօ Կութիերեսի յուղարկաւորութեան առիթով
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Երեքշաբթի, 22 հոկտեմբերին, իր մահկանացուն կնքեց Փերուացի քահանայ եւ Աստուածաբան Լիմա Կուսթավօ Կութիերեզը, Ան համարուած է ազատագրական աստուածաբանութեան հիմնադիր։
Ֆրանչիսկոս Պապը Փերուացի աստուածաբանին յուղարկաւորութեան կարգի կապակցութեամբ ուրբաթ, 25 հոկտեմբերին լսատեսողական պատգամը մը յղելով նշեց, որ կը մտածէ Կուսթավօ Կութիրեզի մասին նկատելով, զայն մեծ մարդ մը, մեծ մէկ մը ու եկեղեցւոյ մեծ մարդ։
«Այսօր կը մտածեմ Կուսթավօ Կութիերէզի մասին։ Մեծ մէկը։ Եկեղեցւոյ մարդ մը, որ գիտէ լռել, երբ պէտք էր լռել, որ գիտէր տառապիլ, երբ տառապանքի ենթարկուած էր եւ կարողացաւ առաջ տանիլ առաքելական բազմաթիւ պտուղ եւ հարուստ աստուածաբանութիւն։ Կը մտածեմ Կուսթավոյին մասին, միասին աղօթենք անոր համար։ Թող ան հանգչի խաղաղութեան մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը լսատեսողական պատգամին մէջ։
Նշենք, թէ Կուսթավօ Կութիերէզը Տիազը եղած է Փերուացի քահանայ եւ աստուածաբան։ Ան անդամ էր Քարոզիչներու միաբանութեան եւ համարուած էր ազատագրական աստուածաբանութեան հիմնադիր, դասաւանդած է Փերույի Կաթողիկէ համալսարանի մէջ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ