Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ խաղաղութեան համար վարդարանի աղօթքը Ֆրանչիսկոս Պապ կ՝աղօթէ խաղաղութեան համար վարդարանի աղօթքը  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Մերձաւոր Արեւելքի կաթողիկէներուն. «Տանջուած հզօրներուն կողմէ մղուած պատերազմներէն. Ես ձեր հետն եմ»

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղած է Միջին Արեւելքի կաթողիկէներուն անոնց յայտնելով իր մօտիկութիւնը ու խրախուսելով զանոնք որ շարունակեն իրենց վկայութիւնը տալ։ Ան ապա դատապարտած է պատերազմը ու միջազգային հասարակութեան անկարողութիւնը բանակցային ուղիներով լուծում գտնելու հարցերուն։ «Պատերազմը խելագարութիւն է» շեշտած է Նորին Սրբութիւնը

Վատիկան Նիուզ – Հայկական Բաժանմունք

Ունկնդրէ լուրը

Երկուշաբթի, 7 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ նամակ մը յղեց Մերձաւոր Արեւելքի մէջ պատերազմներէն տանջուած կաթողիկէներուն։

Ստորեւ կը հրապարակենք քահանայապետին նամակը ամբողջութեամբ

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր կ՛աղօթեմ ձեզի համար։ Կը փափաքիմ ձեր մօտ ըլլալ այս տխուր օրուան մէջ։ Մէկ տարի առաջ ատելութեան պատրոյգը բռնկուեցաւ, չմարեցաւ, այլ պայթեցաւ բռնութեան պարոյրով մը՝ միջազգային հանրութեան եւ ամենազօրեղ Երկիրներուն ամօթալի անկարողութեան մէջ՝ լռեցնելու զէնքերը եւ վերջ դնելու պատերազմի ողբերգութեան։

Արիւնը կը հոսի արցունքներուն նման, զայրոյթը կ՛աճի վրէժխնդրութեան ցանկութեան հետ, մինչ կը թուայ՝ թէ քիչերուն կը հետաքրքրէ, թէ ինչ որ աւելիով պէտք է եւ թէ ինչ կ՝ուզէ ժողովուրդը. խաղաղութիւն, երկխօսութիւն։

Չեմ յոգնիր կրկնելէ, որ պատերազմը պարտութիւն է, որ զէնքերը ապագայ չեն կառուցեր, այլ կը կործանեն ու բռնութիւնը խաղաղութիւն չի բերեր։ Պատմութիւնը ապացոյց է, սակայն տարիներ, տարիներ շարունակ պատերազմները կարծես, ոչ մէկ բան չսորվեցուցին։

Եւ դուք Քրիստոսի մէջ եղբայրներ եւ քոյրեր, որ կ՝ապրիք այն վայրերուն մէջ, որոնց մասին Սուրբ Գիրքը շատ կը խօսի, փոքրիկ եւ անպաշտպան հօտ էք, ծարաւի խաղաղութեան։

Շնորհակալ եմ, այն ինչ որ էք, շնորհակալ եմ, որովհետեւ կ՝ուզէք մնալ ձեր երկիրներուն մէջ, շնորհակալ եմ, որովհետեւ գիտէք աղօթել եւ սիրել հակառակ ամէն բանի։ Դուք Աստուծոյ սիրած սերմն էք։ Եւ որպէս սերմ՝ ըստ երեւոյթին՝ խեղդուած զայն պատող հողէն, միշտ գիտէ գտնել իր ճանապարհը՝ դէպի վեր, դէպի լոյս՝ պտուղ եւ կեանք տալու համար, այսպէս դուք եւս թոյլ չէք տար, որ ձեզ շրջապատող խաւարը ձեզ կլանէ, բայց դուք ցանուած ձեր սուրբ հողերուն մէջ կը դառնաք յոյսի ծիլեր, որովհետեւ հաւատքի լոյսը` ձեզ կը մղէ վկայելու սէրը՝ մինչ կը խօսուի ատելութեան մասին, վկայելու հանդիպումը՝ մինչ կը տարածուի բախումը, միութեան՝ մինչ ամէն ինչ կը վերածուի հակառակութեան։

Հօր սրտով ձեզի կը դիմեմ, Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդ, ձեզի` հինաւուրց Եկեղեցիներու զաւակներ, որոնք այսօր մարտիրոս են, ձեզի` խաղաղութեան սերմեր պատերազմի ձմեռուան մէջ, ձեզի` որ կը հաւատաք Յիսուսին, «հեզ ու խոնարհ սրտով» (Մատթ 11,29) ու Անոր միջոցաւ կը դառնաք ոչ զինուած խաղաղութեան ուժին վկաները։

Այսօրուան մարդիկը չեն գիտեր խաղաղութիւն գտնել ու մենք քրիստոնեաներս պէտք չէ յոգնինք զայն հայցելու Աստուծմէ։ Ասոր համար է, որ այսօր հրաւէր ուղղեցի բոլորին ծոմապահութեան ու աղօթքի օրուայ մը։ Աղօթքն ու պահքը սիրոյ զէնքերն են, որոնք պատմութիւնը կը փոխեն, զէնքերը` որոնք կը յաղթեն մեր միակ իսկական թշնամիին` չարի ոգին, որ կը խթանէ պատերազմը, որովհետեւ «ի սկզբանէ մարդասպան է», «ստախօս ու հայր ստախօսութեան» (Յովհ. 8,44).

Ձեզմէ կը խնդրեմ ժամանակ յատկացնենք աղօթքին ու վերագտնենք ծոմապահութեան փրկարար զօրութիւնը։

Սրտիս մէջ բան ունիմ ըսելիք ձեզի, եղբայրներ եւ քոյրեր ու նաեւ բոլոր այն մարդոց ու կիներուն, որեւէ դաւանանքի ու կրօնի պատկան, որոնք Միջին Արեւելքին մէջ կը տառապին պատերազմի խելագարութեան բերումով. Ես ձեզի մօտիկ եմ։ Ձեր հետն եմ։

Ես ձեր հետն եմ, Կազայի խոշտանգուած և ուժասպառ բնակիչներ, որոնք ամէն օր իմ մտքիս ու աղօթքներուս մէջ էք:

Ձեր հետն եմ, դուք` որ ստիպուած էք լքել ձեր տուները, թողուլ դպրոց ու աշխատանք, թափառելու` փնտռելով ռումբերէն փախչելու նպատակակէտ։

Ձեր հետն եմ, մայրեր, որոնք արցունքներ կը թափէք՝ նայելով ձեր մահացած կամ վիրաւոր զաւակներուն, ինչպէս երբ Մարիամը տեսաւ Յիսուսին. ձեզի հետ եմ, փոքրիկներ, որոնք կը բնակին Մերձաւոր Արևելքի մեծ տարածքներուն վրայ, ուր հզօրներու դաւադրութիւնները ձեզմէ կը խլեն խաղալու իրաւունքը:

Ձեզի հետ եմ, դուք որ վախ ունիք ձեր հայեացքը վեր բարձրացնելու, որովհետեւ երկինքէն կրակ կը տեղայ։

Ձեզի հետ եմ դուք որ ձայն չունիք, որովհետեւ շատ կը խօսուի ծրագիրներու եւ ռազմավարութիւններու մասին, բայց քիչ պատերազմէն տուժածներու իրական իրավիճակի մասին, զոր հզօրները կը ստիպեն, որ ուրիշներ ընեն զայն։ Անոնց վրայ սակայն կը շրջի Աստուծոյ անճկուն հետաքննութիւնը (տես Իմաստ 6.8):

Ես ձեր հետն եմ խաղաղութեան եւ արդարութեան ծարաւ ունեցողներ, որոնք չէք յանձնուիր մահուան տրամաբանութեան ու Յիսուսի անունով «կը սիրէք ձեր թշնամիները ու կ՛աղօթէք անոնց համար` որոնք ձեզ կը հալածեն» (Մատթ. 5,44)։

Շնորհակալ եմ ձեզի խաղալութեան զաւակներ, որովհետեւ կը մխիթարէք Աստուծոյ սիրտը, որ վիրաւոր է մարդուս չարութիւններուն պատճառաւ։ Եւ շնորհակալութիւն նաեւ անոնց, որոնք համայն աշխարհի մէջ ձեզի կ՛օգնեն, անոնց` որոնք ձեր մէջ կը խնամեն Քրիստոսը, որ անօթի է, հիւանդ, օտարական, լքուած, աղքատ ու կարիքաւոր, կը խնդրեմ, որ շարունակեն այդ մէկը ընել առատաձեռնութեամբ։

Եւ շնորհակալութիւն, եղբայր եպիսկոպոսներ և քահանաներ, որ Աստուծոյ մխիթարութիւնը կը տանիք մարդկային առանձնութեան մէջ: Կը խնդրեմ ձեզմէ, որ նայիք սուրբ ժողովրդին, որուն կանչուած էք ծառայելու, և թոյլ տաք, որ անոնք դպչին ձեր սրտերուն, ի սէր ձեր հաւատացեալներունն մէկդի դնելով, որեւէ պառակտում և փառասիրութիւն:

Եղբայրներ և քոյրեր Յիսուսով, ես կ՛օրհնեմ ձեզ և ձեզ կ՛ողջագուրեմ սիրով, ի սրտէ: Թող Աստուածամայրը, խաղաղութեան Թագուհին, պահպանէ ձեզ: Սուրբ Յովսէփը` Եկեղեցւոյ պաշտպան սուրբը, ձեզ պաշտպանէ։

Եղբայրաբար,

Ֆրանչիսկոս

Տուեալ ի Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս 7 հոկտեմբեր 2024.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2024, 12:54