Ֆրանչիսկոս Պապին նորոգուած կոչը. Աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
«Երէկ Սիվիլիայի մէջ Երանելի հռչակուեցաւ Հայր Ճուզեփփէ Թորրէս Փատիլլան, համահիմնադիրը Խաչի Ընկերութեան Մայրապետներու միաբանութեան։ Ծնած ու ապրած Սպանիայի մէջ ԺԹ դարուն, ան յատկանշուեցաւ որպէս խոստովանահայր քահանայ ու հոգեւոր առաջնորդ, բարեսիրութիւն վկայելով հանդէպ կարիքաւորներուն։ Անոր օրինակը` թող թիկունք ըլլայ յատկապէս քահանաներուն իրենց առաքելութեան մէջ». Այս բառերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը սկսաւ Կիրակի 10 նոյեմբեր 2024ին Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքէն ետք սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն ուղղած իր խօսքը ծափահարութիւն խնդրելով նոր Երանելիին համար։
Քոփ29
Ան ապա յիշեց երեք տարի առաջ սկիզբ առնող «Լուտաթօ Սի» հարթակը շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց` որոնք կը գործեն ի նպաստ այդ ձեռնարկին ու առիթէն օգտուելով մաղթեց` որ Կլիմայական Փոփոխութիւններուն հայող Պաքուի մէջ վաղը սկսող Քոփ29 վեհաժողովը արդիւնաւէտ ներդրում ունենայ մեր հասարակաց տան պաշտպանութեան գործին մէջ:
Ինտոնեզիայի մէջ հրաբուխի ժայթքումը
Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր մօտիկութիւնը արտայայտեց Ինտոնեզիայի Ֆլորէս կղզիի բնակիչներուն, որոնք թիրախ եղան հրաբուխի ժայթքումին, աղօթք ապահովեցնելով բոլոր զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն ու տեղահաններուն համար, ապա անգամ մը եւս ուզեց յիշել Վալենսիայի ու Սպանիայի այլ վայրերու բնակչութիւնը, որ տակաւին կը դիմագրաւէ ջրհեղեղին հետեւանքները։
«Ես ձեզի հարցում մը կ՛ընեմ։. Աղօթեցի՞ք Վալեսնիայի համար։ Ներդրում կատարեցի՞ք այդ մարդոց օգնելու համար։ Ասիկա պարզ հարցում է » ըսաւ Սրբազան Պապը։
Մոզամպիքի մէջ բախումներ եւ աղօթք աշխարհի խաղաղութեան համար
Ան ապա մտահոգութիւն արտայայտեց Մոզամպիքէն հասած լուրերուն համար ու հրաւէր ուղղեց բոլորին` ի սպաս երկխօսութեան ու հանդուրժողականութեան ինչպէս նաեւ անյապաղ որոնելու արդար լուծումներ։
«Աղօթենք Մոզամպիքի համայն բնակչութեան համար, որպէսզի ներկայ իրավիճակը պատճառ չըլլայ կորսնցնելու արդարութեան, ժողովրդավարութեան ու խաղաղութեան ուղեւորութեան վստահութիւնը» յարեց Սրբազան Պապը հրաւիրելով շարունակել աղօթել մարտիրոս Ուքրանիոյ համար, ուր, ըսաւ Ան «կը հարուածուին նաեւ քաղաքացիական շէնքեր ու հիւանդանոցներ». Եւ աղօթենք նաեւ Պաղեստինի, Իսրայէլի ու Լիբանանի, Միանմարի եւ Հարաւային Սուտանի համար, ու աղօթենք աշխարհի խաղաղութեան համար։
Գոհաբանութեան օրը
Սրբազան Պապը յիշեց նաեւ Իտալիոյ Եկեղեցւոյ մէջ այսօր յիշատակուած «գոհաբանութեան» օրը, երախտագիտութիւն արտայայտելով գիւղատնտեսութեան աշխարհի գործիչներուն ու քաջալերելով զանոնք մշակելու հողը պահպանելով անոր պտղաբերութեան կարողութիւնը նաեւ ապագայի սերունդներուն համար։
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հուսկ աշխարհի տարբեր վայրերէն ժամանած ուխտաւորները ապա բոլորին մաղթեց բարի կիրակի ինչպէս միշտ աղօթք խնդրելով իրեն համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ