Որոնել

2024.11.08 Gruppo di Volontari e persone senza fissa dimora da Vienna

Որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր ջանանք միշտ մեր կեանքը դարձնել պարգեւ միւսներուն համար. Ֆրանչիսկոս Պապը

«Գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ իր սիրոյն պարգեւին համար, որ մեզի կը հասնի մեզ շրջապատող բարի անձերու միջոցաւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունելով Վիեննայէն ժամանած “Begegnung im Zentrum” կամաւորներու խումբը ու դիտել տուաւ թէ «Տէրը մեզ կը սիրէ անսահման կերպով», ու թէ «իւրաքանչիւր անձ եզակի է անոր աչքերուն համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 8 նոյեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ իր առօրեայ պաշտօնական հանդիպումները սկսաւ իր մօտ ընդունելով Ալճերիայի եւ Թունիզի մօտ առաքելական նուիրակ Գերապայծառ Քուրիան Մաթիու Վայալունքալը, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի նախագահ` Տիար Թէոտորոս Ռուսոփուլոսին, որուն յաջորդեց Սուրբ Աթոռի մօտ Փանամայի նորանշանակ դեսպան Տիկ. Տելիա Քարտենս Քրիստիի հետ հանդիպումը` հաւատարմագիրերու յանձնման արարողութեան առիթով։

Սրբազան Պապը ընդունեց նաեւ «World Bank Group»ի նախագահ Տիար Աժայ Պանկան ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները հուսկ Վիեննայէն ժամանած “Begegnung im Zentrum” կամաւորներու խումբը ու անոնց ընկերացող մի քանի տնանկներ, ապա օրակարգը աւարտեց ունկնդրութիւն շնորհելով Նամիպիայի եւ Լեզոթոյի Եպիսկոպոսներուն անոնց Առ սեամն Պետրոսի հնգամեայ կանոնական այցելութեան առիթով։

Վիեննայի կամաւորներուն հետ հանդիպման ընթացքին Սրբազան Պապը անոնց բարի գալուստի խօսք մը ուղղելով ակնարկեց թէ ինչպէս անոնք եկած են տարբեր երկրիներէ ու մաս կը կազմեն տարբեր կրօնական դաւանանքներու, բայց եւ այնպէս անոնց կը միաւորէ մէկ բան` այն է թէ «բոլորս եղբայրներ ու քոյրեր ենք եւ զաւակները միակ Հօր» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով, թէ այս մէկը կը միացնէ մեզ բոլորս։

Բաժնեկցութեան կարեւորութիւնը

Ան ապա ակնարկեց անոնց հասարակական կեանքին ուր բաժնեկցութիւն կը դրսեւորուի եւ այս կը կատարուի փոխադարձ նուիրումով որ կը հարստացնէ մէկը միւսը։ Եւ այս չի պատահիր միայն նիւթական նուէրներով այլ նաեւ պարզ ժպիտի մը, բարեկամական արարքի մը, եղբայրական հայեացքի, անկեղծ ունկնդրութեան ու ձրի ծառայութեան միջոցաւ» յարեց Սրբազան Քահանայապետը յղում կատարելով 2025ի Յոբելենական Տարւոյն հռչակման «Spes non confundit» կոնդակին ու հաստատելով թէ «այսպէս ընելով մենք ի գործ կը դնենք այն ինչ որ Տէրը պատուիրեց մեզի, այսինքն սիրել մէկը միւսը այնպէս ինչպէս ինք մեզ սիրեց»։

«Գոհութիւն յայտնենք Աստուծոյ իր սիրոյն պարգեւին համար, որ մեզի կը հասնի մեզ շրջապատող բարի անձերու միջոցաւ» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տալով թէ «Տէրը մեզ կը սիրէ անսահման կերպով», ու թէ «իւրաքանչիւր անձ եզակի է անոր աչքերուն համար»։

«Որպէս եղբայրներ ե քոյրեր ջանանք միշտ մեր կեանքը դարձնել պարգեւ միւսներուն համար» յորդորեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը շնորհակալութիւն յայտնելով ներկաներուն անոնց ի գործ դրած գործունէութեան համար ապա հրաւիրեց միասին աղօթել լռութեամբ բոլորին շնորհելով աստուածային օրհնութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/11/2024, 10:47