Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Դեկտեմբեր - Յունուար ամիսներուն ծիսական արարողութիւններուն օրակարգը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Երկուշաբթի 25 նոյեմբեր 2024-ին Քահանայապետական ծիսակատարութեան գրասենեակը հրապարակեց Դեկտեմբեր – Յունուար ամիսներուն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորելիք ծիսական արարողութիւններուն օրակարգը որոնք կը սկսին 15 դեկտեմբերին, Նորին Սրբութեան Այաչչօ կատարելիք միօրեայ առաքելական ճամբորդութեամբ «Ժողովրդական կրօնականութիւնը Միջերկրականին մէջ» համագումարի եզրափակումին առիթով»։
Արդարեւ անցեալ օրերուն հրատարակուեցաւ նաեւ սոյն ճամբորդութեան հայող մանրամասնութիւնները ուր նշուած է թէ Սրբազան Պապը Հռոմէն կը մեկնի առաւօտեան կանուխ ու Այաչչոյի մէջ մասնակցելէ ետք համագումարի եզրափակման նիստին կը հանդիպի տեղւոյն եպիսկոպոսներուն, քահանաներուն, սարկաւագներուն, նուիրեալ անձանց ու նորընծաներուն հետ ապա յետմիջօրէի ժամը 3,30ին այցելութիւնը կ՛աւատէ «Place d’Austerlitz” ի հրապարակին վրայ մատուցած պատարագով, որմէ ետք կ՛ուղղուի օդակայան ու Հանրապետութեան Նախագահին հետ հանդիպելէն ետքը վերադարձ կը կատարէ Հռոմ ապա Վատիկան։
Երեքշաբթի 24 դեկտեմբեր 2024ին` Նորին Սրբութիւնը, ժամը եօթին, Սուրբ Պետրոս մայր տաճարին մէջ կը մատուցէ Ծննդեան ճրագալոյցի պատարագը որմէ առաջ նախատեսուած է 2025ի Յոբելենական Տարուայ Սուրբ դռան բացման յատուկ արարողութիւնը, որով սկիզբ պիտի առնէ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ հռչակուած «Յոյսի ուխտաւորներ» բնաբանով «Յոյսի» տարին։
Չորեքշաբթի 25 դեկտեմբերին, տօնն է մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ծննդեան։ Սրբազան Հայրը, կէսօրին իր Ծննդեան «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը եւ առաքելական օրհնութիւնը կը շնորհէ Հռոմ քաղաքի ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներուն։
Իսկ 26 դեկտեմբերին` Սուրբ Ստեխանոս նախավկային տօնին օրը, Յոբելենական Սուրբ Տարուան առիթով Նորին Սրբութիւնը առաւօտեան ինին պիտի այցելէ Ռեպիպիա բանտը այնտեղ եւս բացումը կատարելով Սուրբ Դռան, բանտին մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին։
31 դեկտեմբեր 2024ին, տօնն է Ամենասուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ։ Երեկոյեան ժամը 5-ին, Նորին Սրբութիւնը, Ս. Պետրոս տաճարին մէջ կը գլխաւորէ գոհաբանական երեկոյեան ժամասացութիւնը, որուն կը յաջորդէ Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան արարողութիւնը ու քաղաքացիական տարւոյն աւարտին առիթով Գոհաբանական Te Deum աղօթքը։
Մէկ Յունուար 2025 կը սկսի նոր տարին։ Ֆրանչիսկոս Պապը ըստ սովորութեան Սուրբ Պետրոս Մայր տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Մայր Աստուծոյ ու խաղաղութեան համաշխարհային 58րդ օրուան նուիրուած սուրբ պատարագը։
Երկուշաբթի 6 Յունուարին` տօնն է Աստուածայայտնութեան, Ֆրանչիսկոս Պապը առաւօտեան ժամը տասին հանդիսաւոր սուրբ պատարագ կը մատուցանէ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ։
Իսկ Կիրակի 12 Յունուար 2025-ին, Լատինաց Եկեղեցին ծէսին համաձայն կը նշուի Յիսուսի մկրտութեան տօնը։ Այս առթիւ Վատիկանի Սիքստինեան մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ կը մկրտէ Վատիկանի աշխատաւորներու նորածին մանուկները։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ