Պատերազմը տագնապի աղբիւր է եւ անցեալի ամենամութ պահերու ողբերգական արձագանքը․ Ֆրանչիսկոս Պապը Էսթոնիոյ կաթողիկէներուն
Մարիամ Երեմեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ նամակ մը յղելով Թալլինի Եպիսկոպոս Գերապայծառ Ֆիլիփ Ժուրտանին՝ Էսթոնիոյ Առաքելական Կառավարչութեան ստեղծման հարիւրամեակի կապակցութեամբ, յիշած է 2018ի Էսթոնիա իր առաքելական ճամբորդութիւնը, հայեացքը յառած ընթացող իրադարձութիւններուն եւ «Եւրոպայի այսօրեայ պատերազմին», որ «խոր տագնապի աղբիւր է եւ անցեալի ամենամութ պահերու ողբերգական արձագանքը»։
Գիրին մէջ Նորին Սրբութիւնը կաթողիկէներուն կը յորդորէ. «կառուցել խաղաղութեան, արդարութեան, համերաշխութեան եւ իւրաքանչիւր մարդու արժանապատւութեան վրայ հիմնուած հասարակութիւն» եւ առ աւելիով ընդլայնել համագործակցութիւնը «քրիստոնէական այլ դաւանանքներու տղամարդկանց եւ կանանց հետ՝ Աստուծոյ խոստումներու վերաբերեալ միասնական վկայութիւն տալու համար»:
Արքեպիսկոպոս Փրոֆիթլիչի վկայութիւնը
Ան նաեւ երախտագիտութիւն կը յայտնէ Էսթոնիոյ երբեմնի կրօնական առաջնորդներուն՝ «որպէս հաւատքի տիպարներ»։ Յատկապէս կը շեշտէ Աստուծոյ ծառայ Էտուարտ Փրոֆիթլիչի վկայութեան կարեւորութիւնը եւ կը հրաւիրէ հետեւիլ ու ոգեշնչուիլ խորհրդային միութեան հալածանքներու ներքոյ ապրած Յիսուսեան միաբանութեան Արքեպիսկոպոսի օրինակէն ։
Քրիստոնէական պատգամը տարածել երիտասարդներու մէջ
Ֆրանչիսկոս ապա համոզմունք կը յայտնէ, որ «հաւատքի եւ գթութեան այս հիասքանչ ժառանգութիւնը, որով կը բնութագրուի թեմը, պիտի խրախուսէ քահանաներու, կրօնական եւ աշխարհական հաւատացեալներու ներկայ սերունդը՝ քրիստոնէական պատգամը տարածելու յատկապէս երիտասարդներուն մէջ՝ Աստուծոյ սիրոյ, ողորմութեան եւ հաշտութեան պատգամը աւելի արդիւնաւէտ կերպով հռչակելու եւ Աւետարանի ազատագրող զօրութիւնը բազմաթիւ տղամարդկանց եւ կանանց բերելու համար՝ «անգամ անոնց, որոնք չեն հաւատար Աստուծոյ»։
Օգնութեան ձեռք մեկնել փախստականներուն եւ խոցելիներուն
Սրբազան Քահանայապետը իր գիրը կ’աւարտէ՝ ընդգծելով անգամ մը եւս փախստականներուն ու խոցելիներուն օգնութեան հասնելու կարեւորութիւնը, ապա աղօթք կը բարձրացնէ առ Աստուած, որպէսզի Տէրը շարունակէ առաջնորդել Էսթոնիոյ Եկեղեցին՝ հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ճամբուն վրայ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ