Յոռետեսութիւնը քրիստոնէական չէ․ Ֆրանչիսկոս Պապ
Մարիամ Երեմեան – Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 21 Նոյեմբերի առաւօտեան, ի շարս այլ հանդիպումներու, ունկնդրութիւն շնորհեց Մշակոյթի եւ Կրթութեան Վերատեսչութեան առաջին Լիագումար Ժողովի շուրջ 130 մասնակիցներուն։
Անոնց ուղղած իր պատգամին մէջ, Պապը բացատրեց, որ այս երկու ոլորտները միաւորելը՝ Praedicate Evangelium առաքելական Սահմանադրութեամբ, ոչ միայն տնտեսական խնդիր է, այլ երկխօսութեան եւ նորարարութեան, որ նպատակ ունի պատրաստել մարդիկ, որոնք ունակ ըլլան յաղթահարել աշխարհի մէջ անհաւասարութիւնը, աղքատութիւնը եւ մեկուսացումը։
Ազատուիլ յոռետեսութեան ամէն մէկ բեռէն
Կրթական եւ մշակութային հաստատութիւնները պարզապէս «արդիւնքներ արտադրող գործարաններ» չեն, այլ՝ ակնկալիքներու, երազանքներու, գիտելիքի ծարաւի կենսունակ տարածքներ են։ Նիհիլիզմը, որ կը ջնջէ յոյսը, այսօր ամենէ վտանգաւոր պատուհասներէն է, «ազատինք յոռետեսութեան ամէն մէկ բեռէն», «յոռետեսութիւնը քրիստոնէական չէ, այնքան ընելիք կայ, որ պէտք ենք գործի լծուիլ, յարեց Սրբազան Քահանայապետը եւ հրաւիրեց խորհիլ այն մասին, թէ իրականութեան մէջ ինչ կ’ակնկալենք հաստատութիւններէն՝ առաջարկելով, որ ակնկալիքները ուղղուին ոչ թէ դէպի անմիջական յաջողութիւն, այլ աւելի բարձր առաքելութիւն։
Ընդլայնիլ մտահորիզոնները
Պապը շարունակեց յորդորելով ընդլայնել մտահորիզոնները, տեղ բանալ աննախադէպ հնարաւորութիւններու համար, եւ դառնալ «ընկերային բանաստեղծներ»: Ասկէ մեկնելով Ֆրանչիսկոս մէջբերեց Էմիլի Դիքինսոնի բանաստեղծութիւններէն հատուած մը եւ ընդգծեց նոր բացայայտումներու համար բաց ըլլալու կարեւորութիւնը՝ մասնակիցներուն խրախուսելով եռանդա հաղորդել սեփական ստեղծագործական ունակութիւններուն եւ յաղթահարել ոգեշնչումը սահմանափակող վախերը, քանի որ Քրիստոսն է անոնց Առաջնորդը։
Մանուկներէն ապագան գողնալը մշակութային ցեղասպանութիւն է
Սրբազան Հայրը օգտագործեց «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը կրթութեան մատչելիութեան անհաւասարութիւնը նկարագրելու համար եւ բնութագրեց զայն «երեխայի ապագայի գողութիւն», ապա յղում կատարեց դպրոց չյաճախող երեխաներու թուի վերաբերեալ մտահոգիչ տուեալներուն․ շուրջ 250 միլիոն երեխայ դպրոց չեն յաճախեր, որ կրկնակի աւելի է տարրական դպրոցին մէջ ուսանող մանուկներու թիւէն, որ 110 միլիոն է:
Ուսումնասիրել արհեստական բանականութեան օգուտներն ու վտանգները
Ֆրանչիսկոս անդրադարձաւ նաեւ թուային յեղափոխութեան եւ արհեստական բանականութեան ազդեցութեան՝ կոչ ընելով համալսարաններուն ուսումնասիրել եւ հաւասարակշռել նման նորարարութիւններու հետ կապուած օգուտներն ու վտանգները։
Սրբազան Քահանայապետը եզրափակեց՝ կրկին անգամ յորդորելով չտրուիլ վախին, այլ ուժ գտնել հաւատքի մէջ քաջութեամբ դիմագրաւելու ապագային եւ՝ նպաստելու հասարակութեան դրական եւ տեւական փոփոխութիւններուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ