Որոնել

2024.11.28 Membri del Network "El Sembrador-Nueva Evangelizacion"

Պէտք է աւետարանեցնել նաեւ հաղորդակցութեան միջոցներու միջոցաւ․ Ֆրանչիսկոս Պապ

Սրբազան Քահանայապետն այսօր ընդունեց «El Sembrador – Nueva Evangelización» ռատիօհեռուստատեութեան սպանախօս ցանցի շուրջ 300 ներկայացուցիչները․ «Շնորհակալութիւն՝ Քահանայապետի ձայնը եւ խօսքը Միացեալ Նահանգներ եւ սպանախօս այլ Երկիրներ տանելու համար»։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

28 Նոյեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «El Sembrador – Nueva Evangelización» (ESNE) կաթողիկէ ռատիօհեռուստատեութեան ցանցի շուրջ 300 ներկայացուցիչները՝ հիմնադրման 40ամեակի կապակցութեամբ։

Ցանցը, առաքելական եւ աւետարանական շահոյթ չհետապնդող ընկերութիւն է՝ հիմնադրուած Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ կը հեռարձակուի Մեքսիքայի եւ Սպանիոյ մէջ։ Հիմնադիրն է մեքսիկացի աշխարհական Նօէլ Տիասը, որ Աստուածաշունչի եւ Եկեղեցւոյ պատմութեան բնագաւառի մէջ ուսումէն ետք իր կեանքը նուիրած է Աստուծոյ եւ Եկեղեցւոյ ծառայութեանը՝ կեանքի կոչելով շարք մը նախաձեռնութիւններ յատկապէս հաղորդակցութեան ոլորտէն ներս։

Ապրինք մէկը միւսին հետ հաղորդակցուելով

Իր խօսքին սկիզբը Սրբազան Պապը՝ շնորհակալութիւն յայտնելով Նօէլ Տիասի «առաքելութեան» համար, որ զինք առաջնորդեց ստեղծելու ESNE հեռուստաալիքը, ընդգծեց Տիեասի՝ Նախախնամութեան նկատամբ հաւատքը եւ նուիրուածութիւնը՝ պատմելով անոր հետ ունեցած իր առաջին հանդիպումի մասին․ «Կը յիշեմ, երբ անոր հանդիպեցայ 2016 թուականի փետրուարին ինքնաթիռի մէջ, որ մեզ Հռոմէն Քուպա, ապա՝ Մեքսիքա, կը տեղափոխէր (․․․), երբ լրագրողներէն մին յատակին նետուեցաւ եւ սկսաւ իմ կօշիկներս մաքրել. Նօէլն էր, որ խոստացած էր մօրը, որ պիտի մաքրէ Պապին կօշիկները» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապը նկատել տալով, որ այդպէս սկիզբ առաւ ESNE ն՝ իրականութիւն դարձնելով անոնց հաղորդակցութեան յանձնառութեան երազանքը, որ կը շարունակուի մինչ օրս նուիրուածութեան շնորհիւ:

Ֆրանչիսկոս այնուհետեւ նկատել տուաւ, որ հաղորդակցութեան գլխաւոր Սուրբ Հովանաւորը Սուրբ Երրորդութիւնն է, որոնք «կ’ապրին մէկը միւսին հետ հաղորդակցուելով, մէկը միւսին հետ շփուելով։ Մտածէցէք ասոր մասին», ըսաւ Ան։

Կառուցել Աւետարանի ուրախութիւնը

Սրբազան Հայրը պահ մը կանգ առաւ, մէկ կողմ դրաւ նախապէս պատրաստուած պատգամը եւ դիմելով ներկաներուն աւելցուց․ «պահ մը կանգ կ’առնեմ, որպէսզի ձեզմէ իւրաքանչիւրը սրտի երախտագիտութեամբ խորհի սեփական մօր մասին, այն «ժառանգութեան մասին, որ միայն մայրերը ի զօրու են տալ։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ ապա «Yo soy el 73» նախագիծի մասին՝ յատուկ նուիրուածութիւն Յիսուսին՝ կառուցելու Աւետարանի ուրախութիւնը եւ Աստուծոյ ողորմութիւնը հաղորդող աւետարանիչների համայնք։

Շնորհակալութեան խօսք

Հետեւեց Սրբազան Հօր՝ ներկաներուն ուղղուած շնորհակալութիւններու երկար շարքը՝ շնորհակալութիւն Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի Նոր Աւետարանութեան կոչին հաւատարիմ աւետարանելու համար, Քահանայապետի ձայնը եւ խօսքը Միացեալ Նահանգներու եւ սպանախօս այլ Երկիրներ տանելու համար, կատարած աշխատանքով Լատին Ամերիկայի Երկիրներէն գաղթած անձերուն մօտ ըլլալու համար, ինչպէս նաեւ տարիներ շարունակ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան վատիկանեան լրատուամիջոցներու հետ համագործակցութեան համար։

Ֆրանչիսկոս Պապը, ի վերջոյ, օրհնեց ներկաները եւ խնդրեց չմոռնալ աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/11/2024, 12:34