Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց հիւանդանոցային բուժումէն ետք տուն վերադարձած Էմմա Պոնինօ
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժին
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը 5 նոյեմբերի առաւօտեան՝ Գրիգորեան Քահանայապետական Համալսարան կատարած այցի աւարտին, մինչ Սանթա Մարթա վերադարձը, չնախատեսուած ու անակնկալ այցելութիւն կատարեց Իտալիոյ երբեմնի արտգործնախարար եւ «Più Europa» կուսակցութեան նախագահ 76ամեայ Էմմա Պոնինոյին։ Վերջինս Հոկտեմբերին շնչառական խնդիրներու պատճառաւ տեղափոխուած էր նախ՝ Հռոմի Սանթօ Սփիրիթօ հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք, ապա նաեւ մասնաւոր հիւանդանոց, եւ համապատասխան բուժում ստանալէ ետք տուն վերադարձած էր։
Նախորդ հանդիպումները
Անցեալին Ֆրանչիսկոսն ու Էմմա Պոնինոն հանդիպած են քանի մը անգամներ՝ 4 Նոյեմբեր 2015 թուականին նախկին արտգործնախարարը մասնակցած էր Քահանայապետի ընդհանուր ունկնդրութեան` Պօղոս Զ դահլիճի մէջ։ Պոնինոն մասնակցած է «Խաղաղութեան գործարան» հիմնադրամի կողմէ յօգուտ փախստական մանուկներու նախաձեռնութիւններուն։ 8 Նոյեմբեր 2016 թուականին Սրբազան Պապը Առաքելական պալատէն ներս մասնաւոր ունկնդրութիւն շնորհած էր իտալացի քաղաքական գործիչին։ Ըստ Վատիկանի Մամլոյ գրասենեակի հաղորդագրութեան այդ հանդիպումը «ի մասնաւորի կենդրոնացած էր գաղթականներու հոսքերուն, անոնց ընդունելութեան եւ ընդելուզման նիւթերուն վրայ»:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ