Որոնել

Վատիկանի մէջ Աղքատներու համաշխարհային Օրուան ճաշը Քահանայապետին մասնակցութեամբ

«Այսօր յիշատակուող ձեռնարկին իմաստը մարդոց արժանապատւութիւն վերադարձնել է» հաստատեց Կարդինալ Քրայեւսիքն

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Աղօթենք Տիրոջ` որպէսզի օրհնէ մեզ բոլորս եւ օրհնէ այս կերակուրը որ այժմ պիտի ճաշակենք։ Տէրը օրհնէ ձեզ ու մեզ բոլորս` Հայր, Հոգի եւ Սուրբ Հոգի։ Բարի ախորժակ եւ քաջութիւն յառաջ»։ Այս խօսքերով է, որ Ֆրանչիսկոս Պապը օրհնեց ու սկիզբ տուաւ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ կայացած Աղքատներու համաշխարհային Օրուան առիթով տեղի ունեցած ճաշկերոյթին, որուն հրաւիրուած էին մասնակցիլ, որպէս պատուոյ հիւրեր, աւելի քան 1300 աղքատներ, որոնց հետ Նորին Սրբութիւնը ուզեց կիսել օրուան ճաշը։

Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Քահանայապետի Ողորմաբաշխ Կարդինալ Քոնրատ Քրայեւսքի ակնարկելով աղքատներու Համաշխարհային Օրուայ այս տարուայ նիւթին, որ է «Աղքատին ձայնը կը բարձրանայ դէպի Աստուած» ընդգծեց թէ աղօթքի տիպարը մեզի համար Յիսուսն է` որ Աւետարանին մէջ մեզի թողուց բազմաթիւ պատկերներ ու օրինակներ, որոնք մեզի ցոյց կու տան հաստատակամութեան առաքինութիւնը։

«Այսօր յիշատակուող ձեռնարկին իմաստը մարդոց արժանապատւութիւն վերադարձնել է» ըսաւ ի միջի այլոց Կարդինալ Քրայեւսիքն ապա պատմեց գեղեցիկ զաւեշտ մը յայտներով որ Սրբազան Պապին նուիրած էին 42 չափով զոյգ մը կօշիկ զոր Ան իր կարգին յանձնած է Կարդինալին եւ երբ այս վերջինս գրասենեակ կը վերադառնալ իրեն կը մօտենայ աղքատ մը որ իրմէ կը պահանջէ նոր կօշիկներ, տրուած ըլլալով` որ իր ոտքին հագած կօշիկները մաշած էին։ Երբ Ծիրանաւորը անոր հարց կու տայ ոտքին թիւը ան կը պատասխանէ 42 եւ Կարդինալը առնելով Սրբազան Քահանայապետին իրեն յանձնած կօշիկները կը նուիրէ Ճուզեփփէ անունով այդ աղքատին, որ այսօր մասնակցեցաւ աղքատներուն յատկացուած ճաշկերոյթին, իր ոտքը կրելով Քահանայապետին կօշիկները։

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2024, 13:36