Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին աւանդական այցելութիւնը Հռոմի Սպանիա անուան հրապարակ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յառաջիկայ կիրակի 8 դեկտեմբեր 2024-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ ըստ լատինաց Սուրբ Կոյս Մարիամի Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ պիտի այցելէ Հռոմի Սպանիա հրապարակը, մեծարելու համար՝ Սպանիա հրապարակին կից «Փիացցա Մինկանելլիի» վրայ զետեղուած Տիրամօր արձանը։ Սոյն ձեռնարկի աւանդութիւնը սկիզբ առած է 1953-ին ու կը յատկանշէ Քահանայապետերու յատուկ կապը Հռոմ քաղաքին հետ։
Հռոմի թեմի առաջնորդարանի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը կարդանք, որ Ֆրանչիսկոս Պապ Սպանիա հրապարակ պիտի ժամանէ ժամը 16-ին ու պիտի հիւրընկալուի Հռոմի Թեմի Տեղակալ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտասար Տէ Ռէյանի, Հռոմի քաղաքապետ Տիար Ռոպէրթօ Կուալթիերի եւ քաղաքական իշխանութիւններու կողմէ։ Նորին Սրբութիւնը աւանդութեան համաձայն պիտի աղօթէ Տիրամօր արձանին առջեւ այնտեղ զետեղելով նաեւ ծաղկեփունջ մը։
Հռոմ քաղաքի եւ Հռոմէացիներու համար Տիրամօր Անարատ Յղութեան տօնը իւրայատուկ նշանակութիւն ունի։ 8 դեկտեմբերին, առաւօտեան Հռոմի հրշէջները, ի յիշատակ իրենց 220 գործընկերներուն, որոնք 8 դեկտեմբեր 1857ին բացումը կատարած էին արձանին, առաջինները կը հանդիսանան որոնք փութալով Սպանիա հրապարակ կը մեծարեն Սուրբ Կոյսին արձանը։
Անարատ Յղութեան Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ արձանը կառուցուած է ի յիշատակ Մարիամի Անարատ Յղութեան վարդապետութեան հռչակումին, 8 դեկտեմբեր 1854-ին, երանելի Պիոս Թ. Քահանայապետին կողմէ։ Ս. Կոյս Մարիամի պրոնզէ այս արձանը, զետեղուած է շուրջ 30 մեթր բարձրութեամբ մարմարէ կոթողի մը վրայ։ Երանելի Պիոս Թ. անձամբ գլխաւորած է արձանին բացման արարողութիւնը, 8 դեկտեմբեր 1857ին։
Անարատ Յղութեան տօնին առթիւ, Հռոմի 12 առաքեալներուն անուան տաճարին մէջ, այսօր՝ 29 նոյեմբերին, սկիզբ կ՝առնէ իննօրեայ աղօթք, Սուրբ Վարդարան եւ Պատարագ նուիրուած Տիրամօր տօնին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ