Որոնել

Չմոռնանք աղքատները. Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը աղքատներու համաշխարհային Օրուան առիթով

Յիսուսի Եկեղեցի կը դառնանք այն չափով` որ մենք կը ծառայենք աղքատներուն, որովհետեւ միայն այդպիսով է, որ Եկեղեցին կը դառնայ տուն, որ բաց է բոլորէն, Աստուծոյ գթութեան վայր` իւրաքանչիւր մարդու կեանքին համար։
Ունկնդրէ լուրը

 

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Այն օրերու անձկութիւններէն ետք արեւը պիտի խաւարի լուսինը պիտի նսեմանայ։ Աստղերը երկինքէն պիտի թօթափին եւ երկնային զօրութիւնները պիտի սասանին։ Այն ատեն պիտի տեսնեն Մարդու Որդին որ կու գայ ամպերու մէջ, զօրութեամբ ու փառքով...երկինքն ու երկիրը պիտի անցնին բայց իմ խօսքերս պիտի չանցնին» Ղուկասի 13 գլուխէն քաղուած Աւետարանական այս հատուածը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի քարոզին, զոր Ան արտասանեց Կիրակի 17 նոյեմբերին Սուրբ Պետրոս պազիլիքայի  մէջ կայացած Սուրբ պատարագի ընթացքին,  Աղքատներու Համաշխարհային ութերորդ օրուան առիթով, զոր հաստատուած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ 2016 թուականին։

Նոյնիսկ տառապանքներուն մէջ կայ անսասան յոյս որ կը փայլի

«Խօսքերը` զոր ունկնդրեցինք կարող են մեր մէջ հրահրել անձկութեան զգացումներ, իրականութեան մէջ սակայն անոնք յոյսի մեծ աւետիս են» ըսաւ Սրբազան Պապը։ «Արդարեւ Յիսուս մէկ կողմէ կը նկարագրէ Երուսաղէմի քանդումին ականատես եղողին հոգեվիճակը` որ կը մտածէ թէ հասած է վերջին ժամը, ու միեւնոյն ատեն կը հռչակէ արտակարգ բան մը` ճիշտ այդ խաւար պահուն ու պատմութեան մէջ, երբ ամէն ինչ կարծես փլուզումի եզրին է, Աստուած կու գայ, Աստուած մօտիկ կ՛ըլլայ, Աստուած մեզ կը համախմբէ մեզ փրկելու համար» աւելցուց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով` որ «Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ աւելի սուր հայեացք մը ունենալու, աչքեր` որոնք կարող են «ներքուստ կարդալ» պատմութեան իրադարձութիւնները, բացայայտելու, որ նոյնիսկ մեր սրտերու և մեր ժամանակներու տառապանքին մէջ կայ անսասան յոյս մը` որ կը փայլի»։

Յոյս եւ անձկութիւն

«Աղքատներուն նուիրուած միջազգային Օրուան առիթով եկէք կեդրոնանանք երկու իրականութիւններու վրայ` յոյս եւ անձկութիւն, որոնք մշտապէս կը մենամարտին մեր սրտի դաշտին մէջ» յարեց Նորին Սրբութիւնը եւ մեկնաբանեց այդ երկու իրականութիւնները նախ անդրադառնալով անձկութեան մասին, որ «մեր դարաշրջանի տարածուած զգացում մըն է եւ աւելիով ուժեղացած ընկերային հաղորդամիջոցներու միջոցաւ»։

Այսօր եւս կը տեսնենք արեւը խաւարած եւ լուսինը նսեմացած

«Եթէ մեր հայեացքը կանգ առնէ միայն իրադարձութիւններու հայող լուրերուն առջեւ մեր մէջ կը գերակշռէ տագնապը։ Արդարեւ այսօր եւս կը տեսնենք արեւը խաւարած եւ լուսինը նսեմացած, կը տեսնենք անօթութիւնն ու ծարաւը, որոնք կը ճնշեն մեր եղբայրներուն վրայ, կը տեսնենք պատերազմներու սարսափները եւ անմեղ մահերը եւ այս տեսարաններու դիմաց յուսալքումը կը պատէ մեզ ու մենք մեզ կը դատապարտենք անկարողութեան, տեսնելով մեր շուրջը անարդարութիւններու աճումը, որ ցաւ կը պատճառէ աղքատներուն ու կը հետեւինք անոնց` որոնք կը մտածեն թէ «աշխարհը այսպէս կ՛ընթանայ» եւ «ես ոչ մէկ բան կարող եմ ընել», այսպիսով նոյնինքն քրիստոնէական հաւատքը կը դառնայ անվնաս բարեպաշտութիւն, որ չի խանգարեր այս աշխարհիս մեծերը» ըսաւ Սրբազան Պապը։

Մարդու Որդին պիտի գայ ամպերու վրայ զօրութեամբ ու փառքով

«Բայց եւ այնպէս` Յիսուս, նաեւ այսպիսի դժուար իրականութեան մը մէջ, կը վառէ յոյսը, կը բանայ հորիզոնը ու կը լայնեցնէ մեր հայեացքը, որպէսզի կարողանանք նշմարել Աստուծոյ սիրոյ ներկայութիւնը, որ մօտիկ կը դառնայ ու մեզ չի լքեր եւ կը գործէ մեր փրկութեան համար» շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը, դիտել տալով, թէ Աւետարանը մեզի կ՛ըսէ` թէ «ճիշտ երբ արեւը պիտի խաւարի ու լուսինը նսեմանայ, Մարդու Որդին պիտի գայ ամպերու վրայ զօրութեամբ ու փառքով»։

Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ճանչնալու յոյսի նշանները ու Անոր աշակերտները կանչուած են յոյս սերմանելու դառնալով արդարութեան եւ զօրակցութեան նշաններ։

Քրիստոնէական յոյսը

«Քրիստոնէական յոյսը` որ իրականացաւ Յիսուսով և իրականացաւ անոր Թագաւորութեան մէջ, մեր կարիքը ունի ու կարիքը մեր յանձնառումին` բարեգործութեան մէջ գործող հաւատքի, հայեացքը այլուր չդարձնող քրիստոնեաներու» հաստատեց ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով չնայիլ միայն աղքատութեան համաշխարհային խնդիրներուն, այլ այն քիչին, որ մենք կարող ենք ընել ամէն օր` մեր առօրեայ կեանքի ոճով, մեր բնութեան խնամքի նկատմամբ ուշադրութեամբ, արդարութեան որոնումով, ու մեր բարիքներու բաժնեկցութեամբ անոր հետ որ աւելիով աղքատ է, մեր հասարակական ու քաղաքական յանձնառումով` լաւացնելու մեզ շրջապատող իրականութիւնը։ որոնք կարող են յոյսին մօտիկութիւնը աւետել ու իրականութիւնը։

Եկեղեցի կը դառնանք այնքանով որ մենք կը ծառայենք աղքատներուն

«Հետևաբար, ճշմարիտ քրիստոնէական հաւատքը աչքերը կը բանայ անարդարութեան վրայ և հաւատարիմ է բացառուածներու և կարիքաւորներու բարօրութեան, յառաջացնելով «բաց աչքերու առեղծուած» աշխարհի մէջ պատասխանատու գործողութիւններու համար», յորդորեց Նորին Սրբութիւնը` որ քարոզի աւարտին ակնարկեց Կարդինալ Մարթինիի մէկ նախազգուշացումին, որով ան կ՛ըսէր` թէ «պէտք է ուշադիր ըլլանք մտածելէ` թէ առաջ կայ Եկեղեցին, որ կայուն է ինքնիր մէջ, ապա աղքատները, որոնց կ՛ընտրենք հոգ տանիլ։ Իրականութեան մէջ Յիսուսի Եկեղեցի կը դառնանք այն չափով` որ մենք կը ծառայենք աղքատներուն, որովհետեւ միայն այդպիսով է, որ Եկեղեցին կը դառնայ տուն, որ բաց է բոլորին, Աստուծոյ գթութեան վայր` իւրաքանչիւր մարդու կեանքին համար»։

Չմոռնանք աղքատները

«Ես այս կ՛ըսեմ Եկեղեցւոյ, կ՛ըսեմ Կառավարութիւններուն եւ Միջազգային կազմակերպութիւններուն, կ՛ըսեմ իւրաքանչիւրին ու բոլորին. չմոռնանք աղքատները» ըսաւ Սրբազան Պապը եզրափակելով քարոզը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2024, 10:49