Քահանայապետը Կարդինալ Քեվին Ֆարրելը նշանակեց Վատիկանի կենսաթոշակային հիմնադրամի գործադիր մատակարար
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը` Աշխարհականներու, Ընտանիքի ու Կեանքի Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Կարդինալ Քեվին Ֆարրելը նշանակեց Վատիկանի կենսաթոշակային հիմնադրամի գործադիր մատակարար եւ այս անուանումին կից նամակ մը յղեց Կարդինալական Դասի անդամներուն ու Վատիկանի Վերնախաւի պատասխանատուներուն որուն մէջ կը դիմագրաւէ Սուրբ Աթոռի կենսաթոշակային հիմնադրամի խնդրայարոյց հարցը` ընդգծելով տնտեսական կայունութեան ապահովման համար «զեռօ վնաս»ի հասնելու անհրաժեշտութիւնը:
19 նոյեմբեր 2024 թուակիր նամակին մէջ Քահանայապետը կը մատնանշէ Հիմնադրամի լուրջ հեռանկարային անհաւասարակշռութեան, որ կը վտանգէ չերաշխաւորել կենսաթոշակային պարտաւորութիւնը ապագայ սերունդներուն համար, «եթէ մենք արագ չմիջամտենք կառուցուածքային միջոցառումներով» կը գրէ Ան ապա կը յայտարարէ Նոր Գործադիր Մատակարարին անուանումը հրաւիրելով համագործակցիլ անոր հետ` այս փոփոխութեան գործընթացի ժամանակ, շեշտելով միութեան ու զգայնութեան կարեւորութիւնը` առնուելիք որոշումներուն մէջ ապա կը խնդրէ բոլորին աղօթքի աջակցութիւնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ