2024.11.09 fra Roberto Pasolini

Անուանում Քահանայապետական Տան նոր Քարոզիչին` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինի

Ան կը յաջորդէ ինիսուն ամեայ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսային, որ 1980էն ի վեր կը վարէր սոյն պաշտօնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ինը նոյեմբեր 2024ին Ֆրանչիսկոս Պապը` Քափուչին միաբանութեան անդամ եւ Միլանի Հիւսիսային Իտալիայի աստուածաբանական մասնաճիւղի աստուածաշնչական բացատրութեան դասատու` Հայր Ռոպերթօ Փազոլինին նշանակեց Քահանայապետական Տան Քարոզիչ։ Ան կը յաջորդէ ինիսուն ամեայ Կարդինալ Ռանիերօ Քանթալամեսսային, որ 1980էն ի վեր կը վարէր սոյն պաշտօնը։

Հայր Փազոլինի ծնած է հինգ նոյեմբեր 1971ին Իտալիոյ Միլան քաղաքին մէջ։ Ան որպէս Ֆրանչիսկեան Քափուչին Փոքր եղբայրներու միաբանութեան անդամ` իր մշտնջենաւոր ուխտերը կատարած է 7 սեպտեմբեր 2002ին ու քահանայ ձեռնադրուած` 23 սեպտեմբեր 2006։

Հռոմի Քահանայապետական Գրիգորեան համալսարանին մէջ Աստուածաշունչի աստուածաբանութեան դոկտորի կոչում ստանալէն յետոյ Ան եղած է Աստուածաշունչի լեզուներու և սուրբ գրութիւններու Դասատու` Միլանի և Վենետիկի մէջ գտնուող Քափուչիններու Փոքր եղբայրների «Theologico Laurentianum Interprovinciale» հաստատութեան մօտ:

Ներկայիս, Միլանի Հիւսիսային Իտալիայի աստուածաբանական Մասնաճիւղի Աստուածաշնչի բացատրութիւն դասաւանդելէն բացի, Ան կը համագործակցի Ամպրոզիան Թեմին հետ` կրօնի ուսուցիչներու վերապատրաստման և Իտալիայի Գլխաւոր Մեծաւորներու համաժողովի հետ: Հեղինակ է աստուածաշնչական հոգևորութեան վերաբերեալ մի քանի յօդուածներու և գիրքերու, ու նուիրուած է հոգևոր կրթութիւններու թիւ քարոզութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2024, 12:00