Քահանայապետը Նափոլիի Արքեպիսկոպոսը ներառեց նոր կարդինալներու շարքին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունի երէկ 4 նոյեմբեր 2024ին հանդէս գալով յայտարարութեամբ հաստատեց` թէ «Ֆրանչիսկոս Պապը յառաջիկայ 7 դեկտեմբերին Կարդինալական Ժողովի ընթացքին ստեղծուելիք նոր կարդինալներու շարքին ներառեց Նափոլի քաղաքի Արքեպիսկոպոս Արհիապատիւ Գերապայծառ Տոմենիքօ Պաթթալիան»։
61 տարեկան ծագումով Քալապրիացի «Հայր Միմմոն» ինչպէս ծանօթ է Ան, Նափոլի Քաղաքի Եկեղեցական Թեմի առաջնորդ նշանակուեցաւ 2020 թուականին։ Ան Քահանայական ձեռնադրութիւնը ընդունած է 6 Փետրուար 1988, 2016 Եպիսկոպոս օծուած է նշանակուելով Cerreto Sannita -Telese- Sant’Agata de’ Goti թեմին առաջնորդ։
Գերապայծառ Պաթթալիան` Տոն Միմմոն նշանաւոր հովուական գործիչ է, որ ունի «փողոցի քահանայի» անցեալ, որ նուիրուած է յատկապէս երիտասարդներուն և թմրամոլներին:
Այս անուանումով Նոր ստեղծուելիք Կարդինալներուն թիւը դարձեալ 21ի կը հասնի Ինդոնեզիայի Պոկոր Թեմին եպիսկոպոս, ֆրանչիսկեան միաբան 62 ամեայ Գերապայծառ Փասքալիս Պրունօ Սիուքուրի դիմումէն ետքը` մերժելու իրեն շնորհուելիք կարդինալական աստիճանը
Քահանայապետին այս անուանումը մեծ զարմանքով ընդունուեցաւ ըլլայ թեկնածուի ըլլայ Նափոլի թեմին հաւատացեալներու կողմէ։
Վատիկանի լրատուամիջոցներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Արքեպիսկոպոս Պաթթալիան նշեց, թէ ինք «պարտականութիւնը կը զգայ իր այս նոր պաշտօնով, իր հետ տանելու ուրախութիւններն ու յոյսերը, տխրութիւնն ու անձկութիւնը այսօրուայ մարդոց, աղքատներուն ու յատկապէս անոնց որոնք կը տառապին Իտալիոյ Հարաւային շրջանին ու աշխարհի բոլոր հարաւներուն մէջ, գոյութենական եւ ոչ միայն աշխարհագրական հարաւներ». Հաստատեց Ան աւելցնելով թէ ինք չուզեր որ ինք «Վսեմաշուք» կոչեն այլ «Հայր Միմմօ»։ «Ես միշտ պիտի մնամ Հայր Միմմոն», ըսաւ Ան։
Յայտնենք որ այս նոր նշանակումով նորաստեղծ կարդինալներէն 11 Եւրոպացի են որոնց շարքին հինգը իտալացի, վեցն ամերիկեան ցամաքամասէն, հինգը հարաւամերիկացի, երեքը ասիացի եւ մէկը ափրիկեցի։ Յառաջիկայ 7 դեկտեմբերին Կարդինալական դասը կազմուած պիտի ըլլայ 256 անդամներէ որոնցմէ 141 ընտրելու իրաւունքով եւ 115 ոչ ընտրող։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ