Երիտասարդները մեզի կ՛ըսեն թէ աւելի լաւ աշխարհ մը կարելի է, խաղաղութիւնը կարելի է . Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Սիրելի բարեկամներ, ես ուրախ եմ, որ հնարաւորութիւնն ունիմ հանդիպելու ձեզի Հռոմ կատարած ձեր այցի ընթացքին և կը գնահատեմ ձեր նուիրումը Սուրբ Երկրի մէջ խաղաղութեան հարցին, երկիր, որ դարերու ընթացքին ականատես եղաւ այդքան բռնութեան և տառապանքի: Ցաւօք սրտի, մեր օրերը չեն տարբերիր, և մէկ տարիէ աւելի հակամարտութեան մութ ամպերը կրկին պատած են աշխարհի այդ տարածաշրջանը, զոր դուք տուն կ՛անուանէք»։ Այս խօսքերով է որ Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունեց «Universal Peace Council »ի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած երիտասարդներու խումբը, որոնք այսօր առաւօտեան առիթը ունեցան հանդիպելու իր հետ։
Նորին Սրբութիւնը ապա նշեց` թէ այսօրուան իրավիճակը, խաղաղութեան խթանումը կը դարձնէ աւելիով կարեւոր` այս ծիրէն ներս գնահատելով այն երեւոյթը, որ պատուիրակութիւնը կազմուած է տարբեր խաւերու ու տարբեր կրօններու պատկան երիտասարդներէ, որոնց խաղաղութեան ի սպաս գործունէութիւնը համարեց «ոչ դիւրին» եւ անոնց առաջարկեց երեք հիմնական կէտեր։
Խթանել խաղաղութիւնը
Առաջինը այն է` թէ երիտասարդները հիմնական դեր կը խաղաղն խթանելու համար խաղաղութիւնը շնորհիւ անոնց իտէալներուն, խանդավառութեան ու յոյսին, «որոնք մեզի կը յիշեցնեն թէ աւելի լաւ աշխարհ մը կարելի է, թէ խաղաղութիւնը կարելի է» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով` որ անոնք կարող են յաղթահարել անցեալի վէրքերը ներումի ու նախապաշարումները մէկդի դնելու տրամադրուածութեան միջոցաւ»։
Երկխօսութիւնը
Որպէս երկրորդ կէտ Սրբազան Պապը խաղաղութեան կառուցումին համար էական նկատեց երկխօսութիւնը, խթանելով ունկնդրութիւնը ու փոխադարձ հասկացողութիւնը։ «Երիտասարդները, ըսաւ Ան, կարող են դառնալ, խաղաղութեան վեհանձն արհեստաւորներ, երկխօսութեան միջոցաւ»։
Յոյսը
Ան առ այդ որպէս երրորդ կէտ Սրբազան Պապը առաջարկեց երբեք չկորսնցնել յոյսը, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, նոյնիսկ երբ ջանքերը ապարդիւն կը թուան։ «Խաղաղութիւնը զոհողութիւն կը պահանջէ ու կը պահանջէ կամք ամէն օր յանձնառու ըլլալու ի սպաս երկխօսութեան, նպատակ ունենալով յառաջ տանիլ խաղաղութեան դատը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը խրախուսելով երիտասարդները միշտ վառ պահելու յոյսը, ի միտ ունենալով միշտ թէ «մաս կը կազմենք միակ մարդանային ընտանիքի մը, ու թէ հաշտութեան, ներդաշնակութեան ու խաղաղութեան համար ջանքերը ու վատնուած ժամանակը ապարդիւն չեն»։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ներկաներուն ապահովեցուց իր աղօթքները ու աղօթք խնդրեց իր անձին համար։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ