Որոնել

2024.11.25 Delegazione Internazionale Jainista

Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց հնդկական «ճիայնիսդ» կրօնի միջազգային պատուիրակութեան անդամները

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ այսօրուայ մարտահրաւէրներու մասին` որոնցմէ շատերը, ըսաւ Ան, կը բխին անհատականութենէն և անտարբերութիւնէն, որոնք կը հանգեցնեն խտրականութեան և անարդարութեան, յատկապէս բազմամշակութային ոլորտէն ներս եւ ասկէ մեկնելով շեշտեց ընկերային բարեկամութեան, զօրակցութեան և խաղաղութեան խթանման կարևորութիւնը՝ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն որոնց յաճախ կը հանդիպին անոնք։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 25 նոյեմբեր 2024ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց հնդկական «ճիայնիսդական» կրօնի պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք ժամանած էին աշխարհի տարբեր երկիներէն համադրութեամբ Լոնտոնի «Ճիայնոբանական» ինստիտուտին եւ անոնց ուղղած իր բարի գալուստի խօսքին սկիզբը Ան ուրախութիւն արտայայտեց որ այս այցելութիւնը մաս կը կազմէ այն աճող երկխօսութեան  ընդմէջ «ճիայնիսդ»ներուն ու քրիստոնեաներուն, եւ որ խթանուած է միջ-կրօնական վատիկանեան վերատեսչութեան կողմէ։

Ան ապա երախտագիտութիւն արտայայտեց` որ անոնք քննարկած են ներառման ու տարբերութեան հարցեր, ինչպէս նաեւ ձեւեր որոնելու` հոգ տանելու համար երկրին, աղքատներուն ու ընկերութեան դիւրաբեկ անձերուն, այս նիւթերը համարելով շատ կարեւոր, «որոնք կը պահանջեն յանձնառում ու պատասխանատուութիւն»։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց նաեւ թէ Միջկրօնական Երկխօսութեան Վերատեսչութեան Վերատեսուչը ծանր հիւանդ է, աղօթք խնդրելով անոր համար։

Քահանայապետը խօսեցաւ այսօրուայ մարտահրաւէրներու մասին` որոնցմէ շատերը, ըսաւ Ան, կը բխին անհատականութենէն և անտարբերութիւնէն, որոնք կը հանգեցնեն խտրականութեան և անարդարութեան, յատկապէս բազմամշակութային ոլորտէն ներս եւ ասկէ մեկնելով շեշտեց ընկերային բարեկամութեան, զօրակցութեան և խաղաղութեան խթանման կարևորութիւնը՝ հակառակ բոլոր խոչընդոտներուն, որոնց յաճախ կը հանդիպին անոնք։

Ի վերջոյ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց` թէ միջկրօնական հանդիպումները կը սատարեն ամրապնդելու համար միասնական կամքը` միասին համագործակցելու կառուցելու համար աւելի լաւ աշխարհ մը ապա շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար մաղթելով պտղաբեր եւ համերաշխ երկխօսութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/11/2024, 09:42