Որոնել

2021.05.25 Papa Francesco lettera ai domenicani 800 anni san Domenico

Քահանայապետին նամակը յիշելու եւ մեծարելու տեղական եկեղեցիներու սուրբերը

Հրատարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին մէկ նամակը հայող տեղական եկեղեցիներուն մէջ սեփական սուրբերը, երանելիները, երանաշնորհներն ու Աստուծոյ ծառաները յիշելու եւ մեծարելու կարեւորութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

"Gaudete et exsultate" առաքելական շրջաբերականով ուզեցի Քրիստոսի աշակերտ ժամանակակից աշխարհի հաւատացեալներուն առաջարկել սրբութեան տիեզերական կոչումը։ Անիկայ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովի կիզակէտն է եւ կը յիշեցնէ որ «բոլոր անոնք, որոնք Քրիստոսի կը հաւատան, որեւէ դասակարգի պատկան, կոչուած են քրիստոնէական կեանքի լիութեան ու սիրոյ կատարելագործումին»։ Այնուհետեւ բոլորս կոչուած ենք ընկալելու Աստուծոյ սէրը` որ «հեղեց մեր սրտերուն մէջ Սուրբ Հոգիի միջոցաւ։ Սրբութիւնը արդարեւ աւելի քան մարդկային ջանքի պտուղ կը նշանակէ տեղ բանալ Աստուծոյ ներգործութեան»։ Այս տողերով կը սկսի Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 8 նոյեմբեր թուակիր նամակը, որ հրատարակուեցաւ 16 նոյեմբերին եւ ուղղուած է աշխարհի բոլոր եկեղեցիներուն, որպէսզի իրենց եկեղեցական համայնքներէն ներս յիշեն ու մեծարեն սեփական սուրբերը, երանելիները, երանաշնորհներն ու Աստուծոյ ծառաները։

Նամակին մէջ Ան կը մատնանշէ ամենօրեայ կեանքին մէջ մեր հանդիպած քրիստոնէական առաքինութիւններու վկաներու կարեւորութեան,  ինչպիսիք են ամուսնացածները, աշխատողները, երիտասարդները և կրօնական կեանքի ներկայացուցիչները, որոնք կը մարմնաւորեն «շաբաթական» սրբութիւնը:

«Չենք կարող մոռանալ աղքատները, հիւանդները, տառապողները, որոնք իրենց դիւրաբեկութեան մէջ աջակցութիւն գտան աստուածային Վարդապետի մօտ» կը գրէ Սրբազան Պապը հաստատելով, որ «մենք կոչուած ենք ոգևորուելու սրբութեան տիպարներով, որոնցմէ առաջին հերթին ի յայտ  կու գան Քրիստոսի համար իրենց արիւնը թափած նահատակները և անոնք` որոնք  արժանացան երանացումի ու սրբութեան,  որպէսզի դառնան քրիստոնէական կեանքի օրինակ ու մեր  բարեխօսները»։

Ինը նոյեմբերը յիշատակութեան օր

Ասկէ մեկնելով Քահանայապետը կը քաջալերէ տեղական եկեղեցիները ինը նոյեմբերը` Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս պազիլիքային նուիրագործման տօնին օրը,  հաստատել որպէս սեփական սուրբերու մեծարման ու յիշողութեան օր, սկսեալ 2025ի Յոբելենական տարուընէ, պատարագի ընթացքին կամ պատարագէն դուրս համապատասխան նախաձեռնութիւններով խրախուսելով ու յիշելով այդ տիպարները, որոնք յատկանշեցին տեղական  քրիստոնէական ուղին և անոր հոգևորութիւնը։

«Այս յիշատակութիւնը պիտի ծառայէ վերագտնելու Քրիստոսի աշակերտներուն յիշատակը, որոնք մնայուն հետք մը թողուցին, առաջնորդելով հասարակութիւնները դէպի Աստուած տանող ուղեւորութեան մէջ», կը նշէ ի միջի այլոց Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով նաեւ տեղական եպիսկոպոսները այդ ուղղութեամբ մշակելու հովուական ցուցմունքներ եւ ուղեցոյցներ։

«Սուրբերը, որոնց մէջ կը փայլի աստուածային բազմաշերտ շնորհքի սքանչելիքները, թող մեզ մղեն Աստուծոյ հետ աւելի մտերմիկ հաղորդութեան և մեր մէջ ներշնչեն ապագայ քաղաքի ցանկութիւնը, որպէսզի անոնց հետ միասին փառաբանութեան երգեր երգենք Բարձրեալին» եղաւ Սրբազան Պապին եզրափակիչ մաղթանքը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/11/2024, 12:25