Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Կրօնական արժէքները չյարգելը անհանդուրժողականութիւն կը բերէ աշխարհին մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Բոլոր կրօններուն» առաջին համաժողովին հարիւր ամեակի նուիրուած համաժողովի մասնակիցները՝ կազմակերպուած Սրի Նարայանա Կուրույի կողմէ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 30 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց «Բոլոր կրօններուն» առաջին համաժողովին հարիւր ամեակի նուիրուած համագումարի մասնակիցները՝ կազմակերպուած Սրի Նարայանա Կուրույի կողմէ (1856-1928)։

Սուրբ Աթոռի միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսչութեան աջակցութեամբ, «Կրօնները միասին յանուն աւելի լաւ մարդկութեան» նիւթով, տարբեր կրօններու պատկան համագումարի մասնակիցներուն յղած պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Սրի Նարայանա Կուրուն ըսելով, որ Ան իր բոլոր կեանքը նուիրեց ընկերային եւ կրօնական փրկագինին՝ իր յստակ պատգամով, որ բոլոր մարդ արարածները՝ անկախ իրենց ցեղային, կրօնական եւ մշակութային պատկանելիութենէ անդամ են միակ մէկ մարդկային ընտանիքին։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա նշեց, որ Սրի Նարայանա Կուրուն իր ուսուցումներով կը ծառայէ որպէս փարոս, բոլոր անոնց համար, որոնք կ՝աշխատին աւելի արդար եւ հանդուրժող աշխարհի համար։

«Սրի Նարայանա Կուրուն ու անոր ուսուցումները վառ օրինակ են այն բանի համար, թէ ինչպէս միասնութիւնը կ՝առաջանայ բազմազանութենէն», ըսաւ Սրբազան Հայրը աւելցնելով, որ այսօր քան երբեք հիմնական է խթանել այդ տեսակի երկխօսութիւնն ու փոխըմբռնումը, յատկապէս աշխարհի մը մէջ, որ կը բախի բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն, կապուած անհանդուրժողականութեան եւ բաժանումին։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աշխատելու աւելի լաւ մարդկութեան համար ու խոկալու, թէ ինչպէս իւրաքանչիւրս մեզմէ կարող է նպաստել աւելի արդար եւ խաղաղ համայնք ստեղծելու , ընդունելով տարբերութիւնները եւ ճանչնալով մեզ միաւորող ընդհանուր կապը։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց շնորհակալութիւն յայտնելով վերոյիշեալ ընկերակցութեան անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումին ու անոնց տարբեր կրօններու հետեւորդներու միջեւ երկխօսութեան եւ փոխըմբռնման յանձնառութեան համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/11/2024, 11:03