Որոնել

2024.11.17 Papa libro LA SPERANZA NON DELUDE MAI

Քահանայապետը. Հետաքննենք եթէ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն կը գործուի` յարգել մարդկային արժանապատուութիւնը

2025 թուականի Յոբելենական տարւոյն գրքին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛անդրադառայ արդի խնդիրներուն, ներառեալ պատերազմի տեղահանուածներու տառապանքին և Պաղեստինի մէջ սովին: Ան կ՛ընդգծէ մարդկային արժանապատուութիւնը յարգելու կարևորութիւնը։ Գիրքը լոյս պիտի տեսնէ յառաջիկայ երեքշաբթի օր՝ նոյեմբերի 19-ին, Իտալիայի, Իսպանիայի և Լատին Ամերիկայի մէջ, հուսկ ապագային նաեւ այլ երկիներու մէջ
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Ֆրանչիսկոս Պապին 2025ի Յոբելենական Տարւոյն նուիրուած գիրքը կենտրոնացած է «յոյսը երբեք չի հիասթափեցներ. Ուխտաւորներ դէպի աւելի լաւ աշխարհ» թեմային վրայ որուն հեղինակն է Hernán Reyes Alcaide։ Գիրքը պիտի հրատարակուի երեքշաբթի 19 նոյեմբերին  «Edizioni Piemme» հրատարակչատան կողմէ Իտալիայի, Սպանիայի և Լատին Ամերիկայի մէջ, հուսկ աւելի ուշ նաեւ այլ երկիրներու մէջ։

Հատուածներէն մէկուն մէջ Սրբազան Պապը կ՛անդրադառնայ Կազայի մարդասիրական ճգնաժամին, նշելով` որ տեղի ունեցածը պէտք է հետաքննուի: Խօսելով պատերազմէն փախստականներ ընդունող երկրներու մասին՝ Ան կը հաստատէ. «Մերձաւոր Արևելքի մէջ, ուր Յորդանանի կամ Լիբանանի նման երկիրներու բաց դռները կը շարունակեն փրկութեան վայր ըլլալ տարածաշրջանի մէջ հակամարտութիւններէն փախչող միլիոնաւոր մարդկանց համար, յատուկէն կը մտածեմ անոնց` որոնք Կազան կը թողուն... սովի դրութեան պատճառաւ, ի տես այդ տարածք սնունդ և օգնութիւն հասցնելու դժուարութիւններուն»։

«Որոշ փորձագէտներու կարծիքով,- կը գրէ Քահանայապետը - այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Կազայի մէջ, ունի ցեղասպանութեան յատկանիշներ: Ան պէտք է ուշադիր կերպով հետաքննութեան ենթարկուի՝ պարզելու համար, եթէ ան կը համապատասխանէ իրաւաբաններու և միջազգային կառոյցներու կողմէ ձևակերպուած ցեղասպանութեան տեխնիկական սահմանումին։

Գիրքին մէջ Սրբազան Պապը կ՛ակնարկէ այլ թեմաներու ինչպիսին է գաղթականութեան հարցը ու անոր պատճառները հրատապ նկատելով ծագման երկիրներուն մէջ համապարփակ զարգացումի մը խթանումը ի նպաստ ու բարօրութիւն համայն բնակչութեան ու յատկապէս աւելիով դիւրաբերներուն` ինչպիսին են մանուկները։

Քահանայապետին համար հիմնական է ընդհանուր համագործակցութեան հարթակ մը ստեղծել` ընդմէջ ծագման երկրին, տարանցման ու վերադարձի երկիրներուն, գաղթականութեան երևոյթի արդիւնաւէտ լուծման համար՝ խուսափելով վախի և քաղաքական եսասիրութեան պատճառով պարտադրուող սահմանափակող միջոցներէ:

Գաղթականներուն ընդելուզումը պէտք է ըլլայ առաջնահերթ անոնց ապահովեցնելով իրենց իրաւունքներն ու հնարաւորութիւններ ու սատարելով լուծել ժողովրդագրական հարցեր ինչպէս Եւրոպայի մէջ։

Գրութեան մէջ ապա Նորին Սրբութիւնը կը դատապարտէ նոր գաղութատիրականութիւնը և կենսամիջոցներու թալանումը՝ կոչ ընելով բարելաւել ծագման երկիրներուն մէջ տնտեսական փոխանակման և կառավարման պայմանները։ Աւելին, կ՛ընդգծուի միջսերունդային փոխգործակցութեան կարևորութիւնը Երկրի պաշտպանութեան գործին մէջ,՝ խթանելով կայուն ապրելակերպը և իւրաքանչիւր մարդու արժանապատուութեան ու յարգանքի ապագան:

Մօտեցումը պէտք է ըլլայ համայնքային՝ ուղղուած դէպի եղբայրութիւն և մարդկային արժանապատուութիւն եւ մարդկային արժանապատւութեան փրկանգին՝ յոյսը օգտագործելով որպէս ուղեցոյց փոփոխութիւններու ճանապարհին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/11/2024, 14:02