Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցական գիրը Կարդինալ Այուզոյին մահուան կապակցութեամբ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հոգին աւանդեց միջ կրօնական երկխօսութեան վերատեսուչ, կարդինալ Միկէլ Անճէլ Այուսօ Կիսոն՝ 25 նոյեմբեր 2024ին, 72 տարեկանին՝ երկար հիւանդութենէն յետոյ։
Ծիրանաւորին մահուան կապակցութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ ցաւակցական գիր մը յղեց Քոլոմպիաններու միսիոնարներու միաբանութեան փոխանորդին, որուն մէջ բարձր գնահատեց կարդինալ Կիսոյին՝ «Աստուծոյ սէրը վկայելու մասին եւ ժողովուրդներու, կրօններուն միջեւ եղբայրութիւնը խթանելու յանձնառութիւնը»
Յիսուսի Սուրբ Սիրտ Քոլոմպիաններու միսիոնարներու միաբանութեան փոխանորդ Հայր Տավիտ Քոսթա Տոմինկսի յղած հեռագիրին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր երախտագիտութիւն յայտնեց Կարդինալ Այուզոյին եկեղեցւոյ, աւետարանի կեանքի նուիրումին համար ու աղօթքը ապահովուեց որպէսզի Անենակալը ընդունի իր երկնային Երուսաղեմին մէջ։
Կարդինալ Այուզոյին մահուան կապակցութեամբ տարբեր ցաւակցական գիրեր հասած են նաեւ այլ կրօններուն ներկայացուցիչներէ, ճանչնալով կարդինալին մարդասիրութիւնը ու աշխատանքը միջ կրօնական երկխօսութեան առաքելութեան մէջ։
Կարդինալ Այուզոյին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ 27 նոյեմբեր 2024ին, նախագահութեամբ կարդինալներու դասի աւագերէց կարդինալ Ճովաննի Պաթիսթա Ռէ։ Արարողութեան պիտի մասնակցին Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մեծ թիւով հաւատացեալներ։
Նշենք, որԿարդինալ Այուզօ կը գտնուէր Հռոմի Ճեմելլի հիւանդանոցին մէջ ու հոգին աւանդեց երկարատեւ հիւանդութեան աւարտին։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ