Աղօթենք Ուքրանիոյ համար, վատ ձմեռ պիտի ըլլայ, թող խաղաղութիւն տիրէ Սուրբ երկրի մէջ
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի, 27 նոյեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ներկայացուցած ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ տարբեր լեզուներով ողջունեց Իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորները ապա կոչ ուղղեց աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար։
Կոչին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ Ուքրանիոյ Եւ Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմի հետեւանքով ներկայ դժուար կացութեան իր մտահոգութիւնը յայտնելով Ուքրանիոյ մէջ հոսանքի եւ ջերմութեան պակասին պատճառով ձմրան մօտալուտ դժուարութիւններու համար ։
Ֆրանչիսկոս Պապ քաջալերեց աղօթելու Ուքրանացի անչափահասներու եւ պատանիներուն համար, «որոնք կ՝ապրին դժուար պայմաններու մէջ»։
Ինչ կը վերաբերի Սուրբ Երկրին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց աղօթելու խաղաղութեան համար, «հակառակ վերջին զարգացումներուն, որոնք կարող են չյանգեցնել Կազայի մէջ ռազմական գործութիւններու դադրեցման»։ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց հաւատացեալները ըլլալու խաղաղութեան գործիչներ եւ զօրակցելու պատերազմի հետեւանքով տառապողներուն։
Քահանայապետը ապա յայտարարեց, որ յառաջիկայ շաբաթ, հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան ընթացքին տեղի պիտի ունենայ Չինարէն լեզուի թարգմանութիւնը՝ «նախաձեռնութիւն մը՝ Չինացի հաւատացեալներու հասնելու համար»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ