Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Յոբելեանի առիթով` ժողովրդապետներուն, կրօնաւորներուն ու կղերին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Յառաջիկայ տարի նշուելիք Յոյսին նուիրուած 2025ի Յոբելենական տարւոյն նախօրէին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նամակ մը յղած է ժողովրդապետներուն, կրօնաւորներուն ու կղերական դասի անդամներուն, որուն սկիզբը կը նշէ, թէ ինք Յոբելենական տարին յայտարարող կոնդակին մէջ բոլորէն խնդրած է որ ըլլան «շօշափելի նշաններ բազմաթիւ եղբայրներուն ու քոյրերուն համար, որոնք կ՛ապրինք թշուառ պայմաններուն մէջ»։ «Յոյսը արդարեւ կը ծնի սէրէն ու մենք մեզ սիրուած ըլլալու զգացումէն։ Աստուծոյ սէրն է որ յոյս կը ծնի եւ Աստուծոյ սէրը կ՜անցնի մեր սէրի ընդմէջէն, ինչպէս կը հաստատէր Երանելի Հայր Փինօ Փուլյիզին. «Աստուած միշտ կը սիրէ մէկու մը միջոցաւ»։
«Հռոմի Եկեղեցին իր ժողովրդապետութիւններու, կրօնաւորական հասարակութիւններու, ընկերակցութիւններու, եկեղեցական շարժումներու ու ընտանիքներու միջոցաւ շատ բան կ՜ընէ փոխանցելու համար Աստուծոյ սէրը, ու հրահրելու յոյս մարդոց կեանքին մէջ» կը գրէ հուսկ Սրբազան Պապը «իւրաքանչիւրին նորոգելով իր խոր շնորհակալութիւն» ապա յղում կը կատարէ իւրաքանչիւր մարդ անհատի անձեռնմխելի իրաւունքներուն` հող, տուն, աշխատանք եւ ասկէ մեկնելով կը նշէ, թէ ինք Հռոմի Թեմէն խնդրած է ուշադրութեան շօշափելի նշան մը տալ ու ուխտաւորներուն յատկացուած հիւրընկալութեան առընթեր ի գործ դրուին պաշտպանութեան ձևեր` անոնց համար, որոնք տուն չունին կամ վտանգը կայ, որ զայն կորսնցնեն։
«Այս հեռանկարով, ես կը ցանկանամ, որ բոլոր թեմական կառոյցները, որոնք սեփականութեան տէր են, իրենց ներդրումը առաջարկեն բնակարանային վթարը կանխելու համար գթութեան և զօրակցութեան նշաններով, յոյս յառաջացնելով Հռոմ քաղաքի հազարաւոր մարդոց համար, որոնք յայտնուած են բնակարանային անկայուն վիճակի մէջ» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ հրաւիրելով Եկեղեցին իր սատարը տալու այդ առումով եւ սիրոյ արի արարք մը կատարելու մերձաւորի նկատմամբ, տրամադրութեան տակ դնելով ազատ բնակարանները։
Հիւրընկալուելիք անձերով պիտի զբաղին իշխանութիւնները եւ ընկերային ծառայութեան գրասենեակները ինչպէս նաեւ ընկերակցութիւններն ու ժողովրդական շարժումները, դիտել կու տայ Ֆրանչիսկոս Պապը ապա կը հրաւիրէ բոլոր անոնք` որոնք կ՛ուզեն այս կոչին համապատասխանել կապի մէջ մտնելու Հռոմի Թեմին ընդհանուր տեղապահ Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Պալտասսարէ Ռէյնայի հետ։
Ան նամակը կ՛աւարտէ շնորհակալութիւն յայտնելով վեհանձնութեան համար ու բոլոր այն բաներուն համար, որոնք անոնք կը կատարեն փոխանցելու հանար Աստուծոյ սէրը ու հրահրելու յոյս բոլորի կեանքին մէջ, յատկապէս անոնց որոնք աւլելով կարիքի մէջ են։
Ձեզ կ՛օրհնեմ ի սրտէ ձեզմէ խնդրելով` որ աղօթէք ինծի համար։
Եղբայրաբար։
Ֆրանչիսկոս
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ