Վարդարանը աղօթք` ի թիկունք խաղաղութեան զոր պէտք է տարածել երիտասարդներուն միջեւ. Ֆրանչիսկոս Պապ
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Ընտանիքներուն ու տուներուն մէջ պէտք է վերագտնել Սուրբ Վարդարանի Գեղեցկութիւնը, աղօթք` որ կ՛օգնէ կառուցելու խաղաղութիւնը։ Հրաւէրն է սա զոր կը կարդանք Փոմփէյի Սուրբ վարդարանի Տիրամօր պատկերին Փոմփէյ ժամանելուն 150րդ տօնակատարութեան ու Յոբելենական Տարիի բացման առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նամակին մէջ ուղղուած Սրբավայրի Քահանայապետական պատուիրակ Գերապ. Թոմմազօ Քափութոյին, որուն մէջ ան ուրախութիւն կը յայտնէ այս պատեհ տարեդարձին համար ու իր հոգեւոր միութիւնը կ՛ ապահովէ բոլոր անոնց` որոնք պիտի մասնակցին տօնախմբութիւններուն` «Երկնային Մօր անուշ դէմքին մէջ գտնելու մխիթարութիւն ու յոյս»։
Նամակի ընթերցումը
Սրբազան Պապին նամակին ընթերցումը կատարուեցաւ Պարթոլօ Լոնկոյի կողմէ հիմնուած ու Վարդարանի Տիրամօր նուիրուած Սրբավայրին մէջ` այսօր կիրակի 10 նոյեմբերի առաւօտեան մատուցուած Սուրբ պատարագի ընթացքին, որով բացումը կատարուեցաւ նաեւ Յոբելենական տարւոյն։
Նամակին մէջ Սրբազան Պապը «մարդկութեան` որ կարիքը ունի վերագտնելու հաշտութեան ու եղբայրութեան ուղին» կը մաղթէ, որ Աստուած կարողանայ խօսիլ «Փոմփէյի Տիրամօր պատգամի ընդմէջէն», այն յոյսով` որ «աշխարհի վրայ տարածուած բոլոր անոր նուիրեալները միշտ աւելիով ու հաւատարմութեամբ կառչին Տիրոջ, վկայելով մօտիկութիւն եղբայրներուն ու յատկապէս աւելիով կարիքաւորներուն».
Վարդարանի աղօթքը պարզ գործիք, հասանելի բոլորին
Նորին Սրբութիւնը կը հաստատէ հուսկ` թէ «վարդարանի աղօթքը պարզ գործիք մըն է ու հասանելի բոլորին» ու թէ «կարող է թիկունք հանդիսանալ նորոգուած աւետարանութեան մը` որուն կոչուած է այսօր Եկեղեցին»։ Վարդարանը ապա, ըստ Սրբազան Պապին, «պէտք է առաջարկել երիտասարդներուն», որպէսզի զայն ընկալեն «որպէս սիրոյ արարք մը` զոր պէտք է տարածել»։
«Անիկա մխիթարութեան աղբիւր է հիւանդներուն ու տառապողներուն» կը շեշտէ Քահանայապետը արձագանգելով Լոնկոյի խօսքերուն` որ զայն սահմանած «անուշ շղթայ մը, որ մեզ կը կապէ Աստուծոյ»։
Սիրոյ շղթայ
«Մարեմեան աղօթքը է նաեւ սիրոյ շղթայ» կ՛աւելցնէ Նորին Սրբութիւնը, «որ կ՛ողջագուրէ վերջիններն ու լուսանցքայինները» ինչպէս ըրաւ Պարթոլօ Լոնկոն իր ձեռնարկած տարբեր միջոցառումներով։
«Ուստի կը քաջալերեմ յարատեւել նորոգուած յանձնառութեամբ ու Սրբավայրի զանազան ձեռնարկներով, շարունակել սիրոյ այն մեծ պատմութիւնը, որուն սկիզբ տուած է Ան եւ որ մեզի թողած Անոր գեղեցիկ հոգեւոր ժառանգութիւնն է» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը որ նամակին մէջ կ՛ անդրադառնայ Սրբանկարի պատմութեան, որ այդ վայր ժամանած է 13 նոյեմբեր 1875ին եւ որուն վրայ գծագրուած է Սուրբ Կոյս Մարիամը` բազկած Գահին վրայ ու իր բազուկներուն մէջ Յիսուսը, որ միասին Վարդարանը կը նուիրեն Սիենայի Սրբուհի Քաթերինային ու Սուրբ Տոմենիկոսին։
Պարթոլօ Լոնկոն
Սրբանկարը Փոմփէյի հասաւ շնորհիւ Պարթոլօ Լոնկոյի, որ նախ հակակղերական բողոքի շարժումի մաս կը կազմեր ապա դարձի կու գայ ու կը վերադառնայ քրիստոնէական հաւատքին եւ օր մը տեսիլքի մէջ ձայն մը անոր կ՛ըսէ «եթէ փրկութիւնը կը փնտռես տարածէ Վարդարանը»։
Նորին Սրբութիւնը առ այդ յղում կը կատարէ իր նախորդներու գրութիւններուն ու հռչակումներուն եւ «նախախնամական» կը նկատէ, որ Սուրբ Վարդարանի Տիրամօր Յոբելենական տարին կը զուգադիպի Յոբելենական Սուրբ Տարւոյն, որ կեդրոնացած է Յիսուսի մեր յոյսին վրայ, ու Նիկիոյ Ժողովի 1700 ամեակին` որ լուսաբանեց Քրիստոսի մարդ-աստուած խորհուրդը` 325 թուականին։
Օրհնութիւն ու քաջալերանք
«Գեղեցիկ է վերագտնել Վարդարանը, այս տեսանկիւնէն, իւրացնելու համար Փրկիչի կեանքի խորհուրդները՝ զանոնք դիտարկելով Մարիամի հայեացքով» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը, որ յիշելով Փոմփէյ կատարած իր ուխտագնացութիւնը, 21 Մարտ 2015ին, ու այնտեղ ապրուած հաւատքի դրսեւորումները այդ տարածաշրջանին համար կը հայցէ առատ շնորհքներ ու իր օրհնութիւնները կը շնորհէ բոլոր անոնց, որոնք պիտի մասնակցին Տիրամօր Սրբանկարին Փոմփէյ ժամանումի 150րդ տարեդարձի տօնախմբութիւններուն։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ