Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ Ֆրանչիսկոս Պապ եւ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ  (VATICAN MEDIA Divisione Foto)

Ֆրանչիսկոս Պապ. Թող Մերձաւոր Արեւելքի քրիստոնեաները վկաները ըլլան մարտիրոսացած երկրիներուն մէջ

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս պատրիարք Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Շաբաթ, 9 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս պատրիարք, Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ ու անոր ընկերացած Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ միջեւ Աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձնաժողովին անդամները։ Հանդիպումին նպատակն է միասնաբար նշել Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Ասորի եկեղեցւոյ միջեւ Քրիստոսաբանութեան ընդհանուր հռչակագիրի երեսուն ամեակը ու 40 ամեակը Ասորի Պատրիարքին Հռոմ կատարած առաջին այցելութեան։

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովէն բխած «Unitatis redintegratio» համամիութենական փաստաթուղթին հրապարակումի 60 ամեակը, ինչպէս նաեւ 30 ամեակը՝ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ Արեւելքի Ասորի եկեղեցւոյ ընդհանուր Քրիստոսաբանութեան հռչակագիրին։

Պատգամին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ Պապ ընդգծեց Քրիստոնեայ եկեղեցիներու միջեւ միութեան փափաքը՝ ներշնչուած Սուրբ Հոգիէն, ինչպէս նաեւ հաւատքի մէջ լիակատար հաղորդութեան հասնելու համար Աստուածաբանական երկխօսութեան կարեւորութիւնը։

Սրբազան Հայրը ապա բարձր գնահատեց Աստուածաբանական երկխօսութեան խառն յանձնաժողովին աշխատանքը, որ «ստեղծեց կարեւոր համաձայնութիւններ եւ փաստաթուղթեր, ներառեալ երկու աւանդութիւններու հաւատացեալներու միջեւ խորհուրդներուն Հաղորդութեան հնարաւորութիւնը։

Անդրադառնալով ապա Սուրբերէն բխած հաւատքի միութեան, Ֆրանչիսկոս Պապ նշեց «համաձայնութեամբ Արեւելքի Ասորի Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք, Նորին Սրբութիւն Մար Ավա Գ-ի եւ Քաղտէացիներուն Պատրիարքին ու խրախուսուած վերջերս գումարուած Կաթողիկէ եկեղեցւոյ սինոդականութեան նուիրուած սինոդէն, «որուն մէջ յիշուեցաւ, թէ ուրիշ եկեղեցիներու սուրբերու օրինակը «պարգեւն մըն է, զոր կարող ենք ստանալ՝ անոնց յիշատակը մտցնելով մեր ծիսական օրացոյցին մէջ, ուրախութեամբ կը յայտարարեմ, որ Նինիվէի մեծ Իսահակը, Արեւելեան Ասորի աւանդութեան հիասքանչ հայրերէն մէկը, ճանչցուած որպէս Վարդապետ եւ Սուրբ բոլոր քրիստոնեայ աւանդութիւններէն, պիտի ներառուի Հռոմէական ծէսի սուրբերուն տօնացոյցին մէջ» ըսաւ Սրբազան Հայրը

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց կոչ ուղղելով, որպէսզի Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները Յարուցեալ Քրիստոսը վկայեն, օրին մէկը միեւնոյն խորանին վրայ միասնաբար տօնելու յոյսով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/11/2024, 10:04